2014-ի Մոնտիալ. Իտալիա – Հայաստան Մրցումին Իրաւարարը` Մայքըլ Օլիվըր
Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքէջը կը հաղորդէ, որ 15 հոկտեմբերին տեղի ունենալիք Իտալիա – Հայաստան 2014-ի Մոնտիալի զտումի վերջին մրցումին, կեդրոնի գլխաւոր իրաւարար նշանակուած է անգլիացի Մայքըլ Օլիվըր:
Կողմի իրաւարարները պիտի ըլլան Սթիւըրթ Փուրթ եւ Ճոն Հերպըրթ Տերըն Ինկլընտ, իսկ չորրորդ իրաւարարի պարտականութիւնները պիտի կատարէ Անտրէ Մարինըր:
Նշենք, որ այս մրցումը տեղի պիտի ունենայ Նափոլիի Սան Փաուլօ մարզադաշտին վրայ:
CATEGORIES Մարզական

