Հասակաւոր Մարդիկ
Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Ըստ Եւրոպայի մէջ կատարուած նոր ուսումնասիրութեան մը, եւրոպացիներուն հասակը 11 սմ երկնցած է վերջին 100 տարիներուն ընթացքին: Արդեօք այս աճը անդադար կը շարունակուի՞:
Եւրոպայի մէջ մարդոց հասակը, միջին հաշուով, 1,78 մեթր է, ըստ նոր ուսումնասիրութեան մը: 100 տարիներ առաջ, անոնց հասակը կը հասնէր 1,67 մեթրի: Հետեւաբար ամէն 10 տարին անգամ մը անոնց հասակը 1 սմ աւելցած է: Այս ուսումնասիրութիւնը կ՛ընդգրկէ ո՛չ միայն այր մարդիկը, այլ` կիներն ու երեխաներն ալ: Ընդհանրապէս մարդկութիւնը կ՛աճի:
* * *
Մեր հասակը կախեալ է մեր կեանքին առաջին 1000 օրերէն: Վերջին դարուն ընթացքին այս առաջին երեք տարիներուն պայմանները բարելաւուած են Եւրոպայի մէջ:
Պատուաստները եւ դեղերը կարելիութիւնը տուած են խուսափելու այն հիւանդութիւններէն, որոնք կը դանդաղեցնեն աճը: Ուրիշ գետնի մը վրայ, մանուկները աւելի փրոթէին կ՛ուտեն (միս, ձուկ, հաւկիթ, կաթնեղէն…): Կեանքը աւելի հանգստաւէտ դարձած է. անոնք նուազ կը շարժին, պահեստներ կ՛ամբարեն: Եւ այս բոլորը մանուկներուն կարելիութիւնը կու տան աճելու:
Անշուշտ ժառանգականութիւնն ալ մեծ դեր ունի: Եթէ մենք ունինք 2 մեթր հասակ ունեցող եւ պասքեթպոլ խաղցող ծնողք, մենք ալ հասակաւոր կ՛ըլլանք:
Աշխարհին Շուրջն Ալ
Միայն եւրոպացիներուն հասակը չէ, որ կ՛երկարի: Մենք տարբեր երեւոյթներ կը նշմարենք աշխարհին չորս կողմերը: Պրազիլցիներուն հասակն ալ կ՛երկարի 1 սմ` ամէն տասը տարին անգամ մը: Մինչ լեհերը, չիները եւ ճափոնցիները 2-2,5 սմ կը մեծնան ամէն 10 տարին անգամ մը:
Ոչ մէկ փոփոխութիւն կ՛արձանագրուի Ափրիկէի փիկմեներուն եւ Աւստրալիոյ ապորիճինիներուն պարագային:
Հիւսիսային Քորէայի մէջ մարդոց հասակը կարճացած է յատկապէս 90-ական թուականներուն տիրող ծանր սովի մը իբրեւ հետեւանք: Այս ձեւով, հասակին երկարիլը կը յայտնուի յատկապէս այն երկիրներուն մէջ, ուր կեանքի պայմանները (առողջապահութիւն, սնունդ, հանգստութիւն) բարելաւուած են:
Ինչպէ՞ս
– Մարմինը կ՛երկարի յատկապէս ոտքերէն: Մենք ասիկա կը տեսնենք ծնունդէն. մանուկներուն ոտքերը կարճ են իրենց մարմնին համեմատ: 6 տարեկանին, անոնց ոտքերը բաւական երկնցած են, մինչ մարմինը` նուազ:
Ոտքերուն երկարիլը տեղի կ՛ունենայ յատկապէս կեանքին առաջին տարիներուն: Ըստ գիտնականի մը, չափահաս տարիքին երկար ոտքեր ունենալը կախեալ է մանկութեան ընթացքին պատահած բաներէ:
– Մեր կմախքը կը մեծնայ… սակայն` ոչ մինչեւ վերջ: Ըստ մասնագէտներուն, մարդիկ սկսած են նոյնիսկ «կուտակուելու»: Եւրոպացիները տակաւին քանի մը սանթիմեթրեր պիտի առնեն մինչեւ 21-րդ դարու վերջաւորութիւն եւ ետքը` դադրին:
Մեր մարմինը չի կրնար դիմանալ չափազանց բարձր հասակի. նախ եւ առաջ մեր յօդերը դիւրաբեկ կը դառնան, ապա մեր մկանները, որոնք կը բռնեն մեր կմախքը, կը դադրին աճելէ:
Մանուկները Իսկական Ուժ Մըն Են
Յաճախ կ՛ըսուի, թէ մանուկները շատ մեծ կորով ունին: Հոլանտայի մէջ պատասխանատուները որոշած են այս յորդող կորովը իսկական ուժանիւթի վերածել:
«Էներճի քարուսէլ»-ը ձիախաղի դարձող մեծ անիւ մըն է, որ չի նմանիր միւս պարզ ձիախաղերու անիւներուն: Հոլանտայի Տորտրեխթ շրջանին մէջ զետեղուած այս ձիախաղը սկսած է բանիլ մանուկներուն շնորհիւ: Ան միւս ձիախաղերէն տարբեր է, որովհետեւ ան ուժանիւթ կ՛արտադրէ: Սակայն, որպէսզի ան կարենայ ուժանիւթ արտադրել, պէտք է, որ մանուկները բռնուին անոր եւ զայն դարձնեն:
Այս «Էներճի քարուսել»-ի շարժումէն յառաջացած ուժանիւթը կ՛ամբարուի մարտկոցի մը մէջ: Անոր բանելու ձեւը շատ կը նմանի հեծիկի տինամոյի մը. հեծիկին ոտնակը դարձնելով` հեծիկ քշողը կ՛աշխատցնէ տինամօ մը, որ ելեկտրականութիւն կ՛արտադրէ` մեքենական ուժ գործածելով: Այս ելեկտրականութիւնը կ՛աշխատցնէ հեծիկին լոյսերը:
Այս ձիախաղը հնարողները ուզած են այս ձեւով մանուկներուն ուշադրութիւնը գրաւել ուժանիւթի խնայողութեան հարցերուն վերաբերեալ, խաղին ընդմէջէն: Ասիկա խելացի միջոց մըն է` նոր բաներ սորվելու հաճելի ժամանակ անցընելով:
Այցելենք
… Օդին մէջ կախուած ջուրի ծորակը:
Եթէ կը գտնուիք Պելճիքայի մէջ եւ շատ տուրմ ուտելէ ետք գիտէք դէպի ուր ուղղուիլ լուացուելու համար:
Այս 3,81 մեթր բարձրութիւն ունեցող քանդակը կը գտնուի Պելճիքայի Իփր շրջանին մէջ. անիկա շինուած է 2003 թուականին:
Երբ մենք զայն կը դիտենք, մեզի կը թուի, թէ ան օդին մէջ կախուած է. սակայն ասիկա պարզ պատրանք մըն է: Անիկա յենած է հոսող ջուրին մէջէն անցնող խողովակին վրայ, որ գետնին վրայի աւազանին մէջէն ջուրը դէպի ծորակ կը բարձրացնէ: Ջուրը կը յորդի խողովակին ծայրերէն եւ դարձեալ վար կը թափի, աւազանին մէջ: Այս ձեւով ան անդադար կը թափի: Իսկ ինչպէ՞ս ընել ծորակը գոցելու համար…
Քիրոպոյի Առաջին Բառերը
Քիրոպօ ճափոնական պզտիկ մարդամեքենայ մըն է, որ Անջրպետի միջազգային կեդրոնը ղրկուած է ընկերակցելու համար հոն մնացող ճափոնցի աստղանաւորդին: Ան արտասանած է իր առաջին բառերը…
«Երկրագունդին վրայ` բոլորին բարե՛ւ: Ես Քիրոպոն եմ: Ես առաջին աստղանաւորդ մարդամեքենան եմ, որ խօսիլ գիտէ: Ուրախ եմ ձեզի ծանօթանալուս համար»:
«21 օգոստոս 2013-ին մարդամեքենայ մը պզտիկ քայլ մը առած է դէպի փայլուն ապագայ` ձեզմէ իւրաքանչիւրին համար», աւելցուցած է ան:
Այս նախադասութիւնը կը յիշեցնէ 21 յուլիս 1969-ին առաջին անգամ լուսինին վրայ կանգնած Նիլ Արմսթրոնկին նախադասութիւնը, «Պզտիկ քայլ մը մարդուն համար, սակայն` մեծ ոստում մը մարդկութեան համար»:
* * *
Քիրոպօ անջրպետի այդ կայանը հասած է օգոստոս ամսուն, 5,4 թոն ապրանքներով եւ ուտելիքներով` կայանին բնակիչներուն համար:
Քիրոպօ 34 սմ հասակ ունի եւ կը կշռէ մօտաւորապէս 1 քիլօ: Ան դէմքերը կը ճանչնայ եւ նկարներ կ՛արձանագրէ: Սկզբունքով ան կարելիութիւնը պիտի ունենայ բնականօրէն զրուցելու ճափոնցի աստղանաւորդ Քոյի Ուաքաթայի հետ, որ անջրպետի կայան պիտի հասնի տարուան վերջը:
Այս գործողութեան նպատակն է ուսումնասիրել, թէ որքանո՛վ ընկերակից մարդամեքենայ մը կրնայ բարոյական նեցուկ ըլլալ երկար ժամանակ մեկուսացուած անձերու համար:
«Քիպօ» ճափոներէնով նաեւ կը նշանակէ «յոյս»:
Անհաւատալի, Բայց Իրա՛ւ

Աւստրալիոյ Քրիսմըս կղզիին վրայ մօտաւորապէս 50 միլիոն կարմիր խեչափառներ տարին մէկ անգամ դէպի ծով կը փութան:
- Հարաւային Ամերիկայի Անտեան լեռներուն մէջ գոյութիւն ունի բոյս մը, որ կ՛ապրի 80 տարի: Անիկա մէկ անգամ կը ծաղկի, ապա կը մեռնի:
- Ամազոնի վայրի անտառին մէջ կ՛ապրին միջատի քանի մը միլիոն տեսակներ:
- Հարաւային Ամերիկայէն ոչ մէկ երկիր Ողիմպիական խաղեր կազմակերպած է:
- Փորթուգալի մէջ անքաղաքավարութիւն կը համարուի կարմիր մելանով գրելը:
- Ֆրանսայի քարայրներէն մէկուն մէջ գտնուած է 25 հազար տարուան մանուկի մը ոտնահետքը:
- Իսլանտայի մէջ տուներուն մօտաւորապէս 85 առ հարիւրը կը տաքցուին գետնին տակէն շրջող հանքային տաք ջուրերուն շնորհիւ:
- Կարգ մը Քոպրա օձեր կրնան իրենց թոյնը արձակել մինչեւ 1,82 մեթր հեռու:
- Թայուանի մէջ աղբ հաւաքող փոխադրակառքերը բարձրախօսներով երաժշտութիւն կը սփռեն մարդոց յիշեցնելու համար, որ իրենց աղբերը դուրս հանեն:
- Աւստրալիոյ մէջ յունուար եւ փետրուար ամիսները տարուան ամէնէն տաք ամիսներն են, մինչ յունիս եւ յուլիսը` ամէնէն ցուրտերը:
- Անթարքթիքայի ամբողջ ջուրը հալած սառ է:
- Աշխարհի վրայ ամէնէն ցուրտ ջերմաստիճանը արձանագրած է Անթարքթիքայի մէջ` -89.2 աստիճան:
- Անթարքթիքայի մէջ կան շրջաններ, ուր 800 տազար տարիներէ ի վեր բնաւ չէ անձրեւած:
- Շուներուն մուտքը արգիլուած է Անթարքթիքա:
- Հարաւային բեւեռին մէջ ամէն տարի հազիւ 2.54 սմ ձիւն կ՛իջնէ:
- Անթարքթիքայի հասարակածին քով կը գտնուէր հարիւր միլիոն տարի առաջ:
Ժամանց








