Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Հայաստան» Մասնաճիւղին. «Հրայր Մարուխեան» Գրադարանի Հանդիսաւոր Բացում

 

 

 

 

 

 

 

Աշոտ Բագրատունի

ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Հայաստան» մասնաճիւղի «Հրայր Մարուխեան» գրադարանի բացման հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ երէկ` ուրբաթ, 4 հոկտեմբեր 2013-ին երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ: ԼԵՄ-ի «Հայաստան» մասնաճիւղին խօսքը արտասանեց Աշոտ Բագրատունի, որ նշեց, թէ մասնաճիւղը կարիք զգաց շրջանի երիտասարդութեան տրամադրել արդիական գրադարան մը, ուր անոնք կարենան իրենց ուսումնասիրութիւնները եւ ընթերցումները կատարել հայկական եւ դաշնակցական մթնոլորտի մէջ: Ան նաեւ ընդգծեց հայ գիրին եւ գրականութեան դերակատարութիւնը: Վերջապէս, Ա. Բագրատունի շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՅԴ «Հրայր Մարուխեան» եւ «Նիկոլ Աղբալեան» կոմիտէներուն, Հուրի Զաքարեանին, ինչպէս նաեւ բոլոր անոնց, որոնք սատար հանդիսացան գրադարանի ամբողջացման աշխատանքին:

Օրուան պատգամը փոխանցեց «Ազդակ»-ի տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան, որ ըսաւ. «Ներկայ ժամանակները երեւութապէս կը թուի, որ շատ բարենպաստ չեն տպագիր գիրքերու տարածման աշխատանքներուն համար»: Անցեալը յիշելով Գանտահարեան յայտնեց, որ «երբ ինքնապաշտպանութիւնն ու պահակութիւնը միակ գրաւիչ զբաղումներն էին դաշնակցական երիտասարդին, գիրքը երկրորդական, երրորդական կամ ընդհանրապէս որեւէ նշանակութիւն պիտի չներկայացնէր ԼԵՄ-ի շարքերու անվերջ զինուորագրուող երիտասարդութեան համար: Այդպէս չէր սակայն: Յատուկ գուրգուրանք մը կար բոլորին կողմէ այդ գրադարանին նկատմամբ: Նոյնիսկ գիր-գրականութեամբ չզբաղող մեր ընկերները գիտէին, որ այդ բաժինը ԼԵՄ-ի ժառանգութեան մաս կը կազմէր, որ արժանի էր ամէն գուրգուրանքի:

ԼԵՄ-ի գրադարանի գիրքերը յաճախ կը տեսնուէին նաեւ պահակ տղոց ձեռքը»:

Գանտահարեան շարունակեց իր խօսքը նշելով, որ «գնդացիրը իր կողքին եւ հայ գիրքը իր ձեռքին ԼԵՄ-ականի պատկերը շատ արագ հայեացքները կ՛առաջնորդէր մեր զինանշանին խորապատկերին, ուր փետուրն ու սուրը կողք-կողքի աշխատաւորի բահին հետ կ՛ամրագրէին Դաշնակցութեան էութիւնը:

Ողջունելէ ետք ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Հայաստան» մասնաճիւղի այս նախաձեռնութիւնը` օրուան բանախօսը եզրափակեց իր խօսքը նշելով, որ այս գրադարանի գիրքերուն բովանդակութեան իրազեկ դառնալով, մենք կը յաջողինք պատրաստել գաղափարական ԼԵՄ-ականը, իր ժողովուրդի ազատագրութեան դատին նուիրուած վաղուան դաշնակցականը:

Այնուհետեւ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Հայաստան» մասնաճիւղը յուշանուէրով մը շնորհակալութիւն յայտնեց Հուրի Զաքարեանին, որ կամաւորապէս իր ներդրումը բերաւ գրադարանի աշխատանքին:

Վերջապէս, տեղի ունեցաւ գրադարանի բացումը:

Նշենք, որ գրադարանը բաց պիտի ըլլայ երկուշաբթիէն մինչեւ ուրբաթ օրերը, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 8:00, իսկ շաբաթ օրերը` կէսօրէ ետք ժամը 1:00-էն 3:00:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )