Հեշելարշաւ. Լիբանանեան Պատուիրակութիւնը Վերադարձաւ Իտալիայէն

Երէկ` ուրբաթ, 4 հոկտեմբեր 2013-ին, Իտալիայէն Պէյրութ վերադարձաւ Լիբանանի հեծելարշաւի պատուիրակութիւնը, որ Ֆլորանսայի մէջ (Թոսքանա) իր մասնակցութիւնը բերաւ աշխարհի երիտասարդներու 23 տարեկանէն վար հեծելարշաւի ախոյեանութեան:

Նշենք, որ պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնի նախագահ Վաչէ Ծատուրեան` իրեն ընկերակից ունենալով ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Ապտօ Նատերը, իսկ մրցաշարքին մասնակցող մարզիկն էր Ապտալլա Ար:

19 տարեկան Ապտալլա Ար, որ այս ախոյեանութեան կրեց թիւ 123 շապիկը, մասնակցեցաւ 173 քմ երկարութիւն ունեցող այս ախոյեանութեան:

Այս ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին 169 հեծելանւորդներ, ժամանած` 45 երկիրներէ:

Ատկէ բացի, հոն տեղի ունեցաւ նաեւ հեծելարշաւի միջազգային ֆետերասիոնին համագումարը, որուն ընթացքին նոր նախագահ ընտրուեցաւ անգլիացի Պրայըն Քոքսուն` յառաջիկայ չորս տարիներուն համար:

Նշենք, որ այս ախոյեանութեան Ծատուրեանի յանձնուեցաւ ընտրութիւններուն հսկողի եւ անոնց ընթացքին անհրաժեշտ բոլոր դասաւորումները կատարելու պարտականութիւնը:

Աւարտին, Ծատուրեան եւ Նատեր միջազգային ֆետերասիոնին փրոթոգոլային ընթրիքին հիւրերը եղան:

Share this Article
CATEGORIES