Թուրքմենիստան Կ՛ուզէ Եւրոպական Միութեան Հետ Համագործակցութիւնը Խորացնել

Կուրպանկուլի Պերտիմուհամետով

Ռուսական «Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքմենիստանի նախագահ Կուրպանկուլի Պերտիմուհամետով Կեդրոնական Ասիոյ երկիրներուն գծով Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Փաթրիսիա Ֆլորի հետ քննարկած է Եւրոպական Միութեան հետ համագործակցութեան հեռանկարները:

Պերտիմուհամետով ընդգծած է Եւրոպական Միութեան հետ համագործակցութեան խորացման եւ ընդլայնման Թուրքմենիստանի մտադրութիւնները:

Քննարկման առանձին նիւթ դարձած է ուժանիւթի մարզին մէջ համագործակցութիւնը: Կը նշուի, որ այս հարցին մէջ կարեւոր է դիրքորոշումը Թուրքմենիստանի, որ կը ձգտի մատակարարման ճամբաներու բազմազանացման:

Զրոյցի ընթացքին նաեւ հաստատուած է Թուրքմենիստանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ համագործակցութիւնը համընդհանուր անվտանգութեան, համաշխարհային վտանգներու դէմ պայքարելու եւ ժամանակակից մարտահրաւէրներու հարցերուն մէջ:

 

Share this Article
CATEGORIES