Օպամա Հրաժարած Է Պիւտճէին Շուրջ Բանակցութիւններէն

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա հրաժարած է կառավարութեան աշխատանքի դադրեցման եւ պետական պարտքի չափի սահմաններուն շուրջ Հանրապետական կուսակցութեան ներկայացուցիչներուն հետ բանակցութիւններէն:

Օպամա յայտարարած է, որ առաջուան պէս յոյս ունի, որ պիւտճէի ներկայ ճգնաժամին մէջ «ողջախոհութիւնը պիտի յաղթէ»:

Ներկայացուցիչներու տան նախագահ հանրապետական Ճոն Պայնըր իր կարգին յայտնած է, որ մէկ ժամ տեւած խօսակցութիւնը քաղաքավար էր, սակայն անարդիւնաւէտ:

Նախապէս կը սպասուէր, որ Քոնկրեսի ներկայացուցիչներուն հետ Օպամայի հանդիպումին իբրեւ արդիւնք կողմերը պիտի կարենան փոխզիջումի հասնիլ եւ պիւտճէական ճգնաժամէն դուրս գալու միջոց գտնել` համաձայնելով պետական հաստատութիւններու գործունէութեան վերսկսման շուրջ:

«Պի.Պի.Սի.» կը հաղորդէ, որ Օպամա յայտարարած է, որ ինք կը հրաժարի հանրապետականներուն հետ պիւտճէին շուրջ բանակցութիւններէն, մինչեւ որ անոնք կառավարութեան արտօնեն աշխատանքի վերսկսիլ եւ քուէարկեն պետական պարտքի առաստաղի բարձրացման համար:

Օպամա հարցազրոյցի ընթացքին յայտնած է, որ ստեղծուած իրավիճակը զինք բաւական կը ջղայնացնէ:

Ելեւմտական մարզի յառաջատար դէմքերու հետ հանդիպումէն ետք Օպամա ըսած է. «Ես կը կարծեմ, որ ֆոնտային շուկաները պէտք է գիտակցին, որ այս ամէնը լուրջ ազդեցութիւն պիտի ձգէ մեր տնտեսութեան եւ իրենց եկամուտներուն վրայ»:

17 հոկտեմբերին, երբ պետական պարտքի առաստաղի բարձրացման վերջնաժամկէտը աւարտի, բարձրացումը տեղի չունենալու պարագային Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան մօտ պիտի սպառին իր ծախսերը հոգալու համար անհրաժեշտ միջոցները:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )