Իպրահիմ Ընդունեց Թուրքիոյ Դեսպանը

Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ինան Էօզեըլտըզը, որուն հետ քննարկեց երկու թուրք օդաչուներու եւ Ազեզի մէջ առեւանգուած ինը լիբանանցիներու հարցը:

Այս գծով իմացուեցաւ, թէ դատախազ Զիատ Մքաննա ընդունած է «լսել» առեւանգեալ երկու  թուրք օդաչուներու հարցով ամբաստանուած եւ արգելափակուած երեք լիբանանցիներու համար «վկայ»-ի մը փոխանցելիք տեղեկութիւնները:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )