Նիւ Եորքէն Իր Վերադարձին Ատնան Մանսուր Ձեռնարկեց Դիւանագիտական Հանդիպումներու
Նիւ Եորքէն իր վերադարձին արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ատնան Մանսուր երէկ ձեռնարկեց դիւանագիտական հանդիպումներու: Այս ծիրին մէջ ան անջատաբար ընդունեց Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատին, ինչպէս նաեւ` Ռուսիոյ եւ Քանատայի դեսպանները: Խորհրդակցութիւնները ընդգրկեցին շրջանի ու Լիբանանի ընդհանուր իրավիճակն ու այս գծով Լիբանանի զօրակցութեան եւ օժանդակութեան կարելիութիւնները:
Այս առիթով Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատի վերահաստատեց իր երկրին պատրաստակամութիւնը Լիբանանի օժանդակութեան եւ զօրակցութիւն յայտնեց Լիբանանի կայունութեան ու գերիշխանութեան ամրապնդման ճիգերուն:
CATEGORIES Լիբանանեան


