Ռումիէի Բանտին Մէջ Պայթուցիկ Նիւթի «Մաքսանենգութեան» Հարցով`. Շալլիթա Տեղափոխուած Է, Իսկ Իսլամական Բանտարկեալները Կը Մերժեն Հարցաքննութեան Ներկայանալ

Ռումիէի բանտին հսկողութեան կազմի ոստիկաններէն մէկուն հետ գործակցաբար պայթուցիկ նիւթ «մտցնել» տալ փորձած բանտարկեալ Շարպել Շալլիթա խոստովանած է, որ ճնշումի տակ ընդունած է նման արարքի դիմել եւ խոստովանած է «Պէ.» շէնքի իսլամական չորս բանտարկեալներուն անունները, որոնց պիտի յանձնէր նշեալ պայթուցիկ նիւթը: Սակայն չորս բանտարկեալները մերժած են այս գծով հարցաքննութեան ներկայանալ: «Օ.ԹԻ.ՎԻ» պատկերասփիւռի կայանին համաձայն, Շալլիթա տեղափոխուած է աւելի «ապահով» բանտախուց, այն շշուկներու լոյսին տակ, թէ նշեալ նիւթը պիտի գործածուէր նոյնինքն Շալլիթան թունաւորելու համար:

Ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Շարպել այս գծով յայտնեց, որ հետաքննութիւնները կը շարունակուին եւ պէտք չկայ հարցը չափազանցելու:

Իր կարգին, արդարադատութեան նախարարի պաշտօնակատար Շեքիպ Քըրթպաուի անհրաժեշտ նկատեց բանտարկեալներէն անջատել  եւ այլ բանտախուցեր տեղափոխել  իսլամական  տարրերը, որոնք կրնան  անջատ  «ինքնավար  պետութիւն» մը հիմնել բանտին մէջ:

 

Share this Article
CATEGORIES