Շարունակելով Իր Հանդիպումները Լիբանանցի Ղեկավարներուն Հետ` Փլամպլի Այցելեց Բանակի Հրամանատարին
Երկրի ղեկավարներուն հետ իր ունեցած հանդիպումներուն ծիրին մէջ, ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլի երէկ այցելեց բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի: Խորհրդակցութեանց առանցքը կազմեցին շրջանի եւ յատկապէս Լիբանանի վերջին իրադարձութիւններն ու ՄԱԿ-ի զօրակցութեան կարելիութիւնները:
Այս առիթով Փլամպլի վերահաստատեց Լիբանանի գերիշխանութեան ու կայունութեան ամրապնդման իր զօրակցութիւնն ու օժանդակութեան պատրաստակամութիւնը:
CATEGORIES Լիբանանեան

