Նաւամոյն Թէ Փրկուած Արկածահարներու Տունդարձի Ճիգերուն Զուգահեռ. Ցաւակցութեան Եւ Դատապարտումի Կեցուածքներն Ու Փնտռտուքի Ճիգերը Կը Շարունակուին
Վաղը` կիրակի առաւօտ, Պէյրութ կը վերադառնան Ինտոնեզիոյ եւ Աւստրալիոյ միջեւ ովկիանոսի խորերը ընկղմած նաւէն փրկուած 18 լիբանանցիներն ու ցարդ ինքնութիւնը հաստատուած նաւամոյն զոհերը: Ինտոնեզիա մեկնած լիբանանեան պատուիրակութենէն` Փրկութեան գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար գնդապետ-զօրավար Իպրահիմ Պաշիր յայտնեց, որ պատուիրակութիւնը ստիպուած եղած է իր պատասխանատուութեամբ ստորագրելու պաշտօնական փաստաթուղթերը եւ երաշխաւորելու ազատ արձակուած վեց լիբանանցիները` վճարելէ ետք պահանջուած գումարները:
Լիբանանեան դեսպանատան գործավար` Ժոաննա Ազզէ ընդգծեց, որ ցարդ յայտնաբերուած նաւամոյն զոհերու ինքնութեան ստուգումի «Տի.Էն.Էյ.»-ի գործողութիւնները կրնան մինչեւ մէկ ամիս երկարիլ, սակայն իրենք որոշած են ինքնութիւնը ստուգուած զոհերը օրը-օրին անջատաբար վերադարձնել Լիբանան:
Լիբանանեան պատուիրակութիւնը իր կարգին կը շարունակէ մօտէն հետեւիլ զոհերու ինքնութեան ստուգման թէ ցարդ անյայտ կորսուած արկածեալներու փնտռտուքի ճիգերուն: Նախարար Ահմետ Քարամէ յայտնեց, որ պահանջուած փաստաթուղթերը ամբողջացած են, եւ փրկուած 18 լիբանանցիները կիրակի առաւօտեան կը վերադառնան Լիբանան:
Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ատնան Մանսուրի հետ իր հանդիպումի աւարտին յայտնեց իր երկրին պատրաստակամութիւնը` ամէն ձեւով օգնելու այս հարցին:

