Լիբանանի Զօրակցութեան Հանդիպումներուն Ծիրին Մէջ. Պըրրի Ընդունեց Իրանի, Եւրոպական Միութեան Եւ Միջազգային Դրամատան Ներկայացուցիչները
«Ժամանակը նպատակայարմար է օգնելու Լիբանանին` իր դիմագրաւած հարցերուն լուծման գծով», յայտարարեց Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ Անժելինա Էխհորեսթ` երէկ Այն Թինէի մէջ խորհրդարանի նախագահին հետ իր խորհրդակցութեան աւարտին: «Պըրրիի հետ քննարկեցինք ընտրական նոր օրէնքի մը բանաձեւման եւ որդեգրման կարելիութիւնը», շարունակեց Էխհորեսթ` վերահաստատելով Եւրոպական Միութեան զօրակցութիւնը Լիբանանին, որպէսզի վերջինս կարենայ ինքզինք զերծ պահել շրջանային իրադարձութեանց հետեւանքներէն:
Պըրրի երէկ անջատաբար ընդունեց նաեւ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատին եւ Միջազգային դրամատունէն պատուիրակութիւն մը, բաղկացած` Ինկըր Անտըրսընէ եւ Ֆարիտ Պըլհաժէ:
Այս առիթով Իրանի դեսպանը վերահաստատեց իր երկրին զօրակցութիւնը Լիբանանի` պատրաստակամութիւն յայտնելով ամէն ձեւով օժանդակելու անոր, տագնապներու լուծման համար:
Նմանապէս Անտըրսըն Պըրրիի յանձնեց Միջազգային դրամատան Լիբանանի մասին պատրաստած տեղեկագիրը` կրկնելով Լիբանանի օժանդակութեան գծով միջազգային կազմակերպութեան յանձնառութիւնը: