Տեղական Ու Արտաքին Զօրակցութեան Մթնոլորտի Մէջ. Սուրիացի Գաղթականներու Օր Ըստ Օրէ Բազմապատկուող Հոսքը Կը Նկատուի Հրատապ Գլխաւոր Հարց

Միքաթի եւ Քի Մուն

Օր ըստ օրէ շեշտուող սուրիացի գաղթականներու հոսքը երէկ կրկին առանցքը կազմեց տեղական թէ արտաքին առնչակից կողմերու յայտարարութեանց` վերստին զայն հրատապ հարցերու սեղանին վրայ արծարծելով:

Արդարեւ, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի եւ վերջերս ընկերային հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ուաէլ Ապու Ֆաուրի Ժընեւի թէ Լիբանանի մէջ կատարած զգուշացումներէն ետք, այս գծով մտահոգ կեցուածքներու դրսեւորումը շարունակուեցաւ երէկ: Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի անբաւարար նկատեց դրսեւորուած թէ խոստացուած զօրակցութեան ու օժանդակութեան կեցուածքները` պահանջելով «Ժընեւ-2»-ի գումարումը սուրիացի գաղթականներու հարցի լուծման գծով: Միջազգային դրամատան Միջին Արեւելքի, Ափրիկէի եւ Արեւմտեան Ասիոյ բաժանմունքներու համընդհանուր նախագահ Ինկըր Անտըրսընի եւ Ֆարիտ Պըլհաժի հետ իր խորհրդակցութեան աւարտին կատարած իր յայտարարութեամբ, Պըրրի խիստ կարեւոր հրամայական նկատեց սուրիական տագնապի քաղաքական լուծումը, որ իր կարգին դրականօրէն պիտի նպաստէ սուրիացի գաղթականներու տունդարձին:

«Սուրիացի գաղթականներու օժանդակութեան համար գումարներու կուտակումը այնքան կարեւոր չէ, որքան` մատը վէրքին վրայ դնելն ու զայն առեւտուրի ու սակարկութեան նիւթի վերածելը», յայտարարեց Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալի` ընդգծելով, որ սուրիացի գաղթականներու հարցով միջազգային զօրակցութիւնը պէտք է ըլլայ ի սպաս շրջանի ապահովութեան: Արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ատնան Մանսուրի հետ իր հանդիպումին աւարտին, Սուրիոյ դեսպանը մտավախութիւն յայտնեց, որ սուրիացի գաղթականներու հարցը առեւտուրի խաղաքարտի վերածուած է ոմանց ձեռքը` ընդգծելով, որ Սուրիա ամէնէն ապահով երկիրներէն էր, սակայն զանազան բռնամիջոցներ հարկադրեցին սուրիացիներու գաղթը: «Սուրիոյ զօրավիգ երկիրներու գրաւը քաղաքական լուծման յաջողութեան վրայ է», ընդգծեց Ալի:

Սուրիացի գաղթականներու հարցը նմանապէս առկայ էր հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի` ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի հետ խորհրդակցութեան ընթացքին, վերջինիս Նիւ Եորքի գրասենեակին մէջ: Միքաթի դրուատելով այս գծով ՄԱԿ-ի ճիգերը պահանջեց թափ տալ եւ փութացնել խոստացուած օժանդակութիւնները` թեթեւցնելու համար Լիբանանի «բեռ»-ը: Փոխադարձաբար, Միքաթի խոստացաւ դիւրացնել Լիբանանի ճամբով Սուրիա ուղարկուող մարդկային օժանդակութեանց փոխանցումը:

Իր կարգին, ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Շարպել զգուշացուց սուրիացի գաղթականներու շարունակուող հոսքէն, որ ցարդ հասած է մէկ միլիոն 175 հազարի: Շարպել անհրաժեշտ նկատեց մինչեւ 20 նոյեմբեր 2014 երկարաձգուած խորհրդարանի պաշտօնավարութենէն օգտուիլ եւ հարցերու լուծման թէ ընտրական նոր օրէնքին գծով որոշումներ կայացնել: Ան նաեւ վերահաստատեց իր զօրակցութիւնը` հարցերը ազգային երկխօսութեան սեղանին շուրջ լուծելու գծով:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )