Թրիաթլոն. Ռոյ Նասըրի Յիշատակին Նուիրուած Մրցաշարք` Պաթրունի Մէջ
Կազմակերպութեամբ Պաթրունի քաղաքապետութեան եւ գործակցութեամբ Պէյրութի Մարաթոնի միութեան, տեղի ունեցաւ Թրիաթլոնի 2013-ի 2-րդ միջազգային մրցաշարքը նուիրուած` Ռոյ Նասըրի յիշատակին, որ նախորդ տարի այդ մրցաշարքին մասնակցելով հանդիսացած էր առաջին:
Անոր ներկայ գտնուեցան Պաթրունի քաղաքապետ Մարսելինօ Հըրըք, Պէյրութի Մարաթոնի միութեան նախագահ Մէյ Խալիլ, Լիբանանի Թրիաթլոնի ֆետերասիոնի փոխնախագահ Կեպի Իսա Խուրի, գանձապահ Պետիկ Լոճիկեան եւ այլ անձնաւորութիւններ ու հրաւիրեալներ:
Նշենք, որ անոր իրենց մասնակցութիւնը բերին 175 երկսեռ մարզիկներ:
Թրիաթլոնը կ՛ընդգրկէ երեք տեսակի մարզաձեւ. լողարշաւ, հեծելարշաւ եւ վազք:
Տղոց 30-40 տարեկան դասակարգին մէջ առաջին դիրքը գրաւեց Գէորգ Ալթունեան, որ արձանագրեց 2 ժամ 42′ 03″ արդիւնք մը, իսկ աղջկանց 30-40 տարեկան դասակարգին մէջ իր կարգին առաջին հանդիսացաւ Քարոլ Պոյաճեան (1 ժամ 30′ 45″):
Նշենք, որ Ալթունեան մրցումներուն մասնակցեցաւ հետեւեալ ձեւով. լողարշաւ` 1500 մեթր, հեծելարշաւ` 40 քմ եւ վազք` 10 քմ:
Իսկ Պոյաճեան` հետեւեալ ձեւով.
Լողարշաւ` 750 մեթր, հեծելարշաւ` 20 քմ եւ վազք` 5 քմ:
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը:

