Արսենալի Յետսապահ Սանիա Երեք Շաբաթով Պիտի Բացակայի Դաշտերէն
Արսենալի մարզիչ Արսէն Վենկեր երէկ իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ ակումբին յետսապահներէն Պաքարի Սանիա վիրաւոր ըլլալուն պատճառով 3 շաբաթով պիտի բացակայի ֆութպոլի դաշտերէն:
Ֆրանսացի միջազգային մարզիկ Սանիա վիրաւորուեցաւ Նափոլիի դէմ տեղի ունեցած «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցումին ընթացքին:
Նշենք, որ ան պիտի բացակայի նաեւ 22 հոկտեմբերին` Պորուսիա Տորթմունտի դէմ տեղի ունենալիք մրցումին («Չեմփիընզ լիկ»):
CATEGORIES Մարզական