Ֆութսալ. Լիբանանի Ախոյեանութիւն. Սատաքա – Լիբանանեան Բանակ Պայքարը Կը Շարունակուի
Լիբանանի ֆութսալի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 14-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, առաջին դիրքը գրաւող Սատաքայի եւ անոր անմիջական մրցակիցին` Լիբանանեան բանակին միջեւ պայքարը շարունակուեցաւ նոյն ձեւով` նկատի ունենալով, որ անոնք երկուքն ալ յաղթանակ արձանագրեցին, յաջորդաբար պարտութեան մատնելէ ետք «Էյ. Եու. Էս. Թի.»-ն (11-1) եւ Սեն Ժոզեֆը (7-4): Անոնք երկուքն ալ այժմ ունին 37-ական կէտ, սակայն Սատաքա ունի աւելի լաւ կոլէվըրէյճ մը:
15-րդ հանգրուանին Սատաքայի մրցակիցը պիտի ըլլայ Հարեթ Հըրէյք, իսկ լիբանանեան բանակին մրցակիցը` Շուէյֆաթ:
Ստորեւ` դասաւորումը.
———————–ԿԷՏ
1.- Սատաքա 37
2.- Լիբանանեան բանակ 37
3.- Պէյրութի դրամատուն 36
4.- Սեն Ժոզեֆ 28
5.- Ղըպէյրի 24
6.- Շուէյֆաթ 22
7.- Թրիփոլի Ֆայհա 19
8.- «Էյ. Եու. Սի. Ի.» 15
9.- Հարեթ Հըրէյք 10
10.- Ռապիհ 7
11.- «Էյ. Եու. Սի. Ի.» 6
12.- Հալուսիէ 3

