Ճատրակ. Լիբանանի Տղոց Անհատական Ախոյեանութիւն. Շահրուր Անակնկալի Բերաւ Խէյրալլան
Լիբանանի ճատրակի տղոց անհատական ախոյեանութեան, որ տեղի կ՛ունենայ «Կոլտըն Թիւլիփ Կալերիա» պանդոկին մէջ (Ժընահ), 5-րդ հանգրուանի մրցումներուն Իպրահիմ Շահրուր մեծ անակնկալ մը ստեղծեց, երբ յաջողեցաւ պարտութեան մատնել տիտղոսակիր Ֆայսալ Խէյրալլան:
Հակառակ Ապտել Ազիզ Մահմուտի հետ իր արձանագրած հաւասարութեան, Անթուան Քասսիս մնաց պարագլուխի դիրքին վրայ` իր տրամադրութեան տակ ունենալով 4 կէտ:
Անոր ետին 3,5-ական կէտ ապահոված են Իպրահիմ Շահրուր, Մահմուտ Մաասարանի եւ Մարուան Նասսար: Իսկ Ահմետ Նաժժար եւ Ամրօ Ժաուիշ ապահոված են 3-ական կէտ:
6-րդ հանգրուանին տեղի պիտի ունենան հետեւեալ մրցումները.
Ապտել Ազիզ Մահմուտ – Մահմուտ Մաասարանի
Անթուան Քասսիս – Թարեք Մըտալլալ
Ահմետ Նաժժար – Ֆայսալ Խէյրալլա
Իպրահիմ Շահրուր – Մարուան Նասսար
Պասել Շարաֆ – Նատիմ Համմուտ
Ամրօ Ժաուիշ – Մայա Ժալլուլ

