Ճատրակ. Հայրենի Մասնակցողներուն Մէջ Բարսեղեան Եւ Յարութիւնեան Ցարդ Արձանագրած Են Լաւագոյն Արդիւնքը
Պուտվայի մէջ (Մոնթենեկրօ) տեղի ունեցող Եւրոպայի կրտսերներու ճատրակի ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Հայաստանէն 26 ճատրակ խաղացողներ:
5-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, անոնցմէ ցարդ լաւագոյն արդիւնքը արձանագրած են Արմէն Բարսեղեան եւ Տիգրան Յարութիւնեան, որոնք ապահոված են 4,5-ական կէտ:
4-ական կէտ ապահոված են` Հայկ Մարտիրոսեան, Կարէն Գրիգորեան, Յովհաննէս Կապուզեան եւ Արման Միքայէլեան:
Նշենք, որ երէկ հանգիստի օր էր: Ախոյեանութիւնը կ՛աւարտի 8 հոկտեմբերին:
CATEGORIES Մարզական

