Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Ձեր գործակիցներուն հետ հաշտ ապրելու միակ միջոցը անոնց կարծիքը յարգելն է, որքան ալ համաձայն չըլլաք: Դիւանագիտութեան հետեւեցէք:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ամէն ժպտուն անձ հոգեկան խաղաղութիւն չի կրնար ունենալ: Եթէ մտահոգութիւններ ունիք ձեզի պահեցէք, որովհետեւ միայն դուք կրնաք լուծել ձեր խնդիրները:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Եթէ մշակութային հարցերը ձեզ կը հետաքրքրեն, այսօր ներկայ եղէք արուեստի ներկայացման մը, երաժշտութիւն ըլլայ թէ թատերական արուեստ:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Յոռետեսութեամբ հարցեր չեն լուծուիր: Ձեր լսած լուրը կրնայ սխալ ըլլալ, հետեւաբար անձամբ ներկայացէք հոն, ուր պէտք է ներկայ ըլլաք:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Վիճակահանութեան տոմս մը որքան ալ պատրանք նկատուի, այսուհանդերձ յոյսով ապրիլն ալ հոգեկան խաղաղութիւն կը ներշնչէ: Փորձեցէք ձեր բախտը:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Վերջերս շատ յոգնած էք, հանգիստի կարիք ունիք: Նախընտրեցէք հանդարտ անկիւն մը, մեղմ երաժշտութիւն ունկնդրեցէք եւ հաճելի գիրք մը կարդացէք:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Գիտութիւնը կը հետաքրքրէ ձեզ, նաեւ կը զարմացնէ: Չափ մը դրէք համացանցային ձեր պրպտումներուն: Չափազանցութիւնը կը յոգնեցնէ:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Մէկ կողմ դրէք ընտանեկան հոգերը եւ միացէք ձեր բարեկամներուն: Կրնաք նորութիւններ քաղել ձեր աշխատանքին վերաբերեալ:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Եթէ ինքնաշարժ կը վարէք եւ ճամբայ պիտի ելլէք քիչ մը հեռաւոր վայր մը, նախապէս ստուգեցէք ձեր կառքին վիճակը, որպէսզի տհաճ կացութեան մը չմատնուիք:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Կեանքի հարցերուն մօտեցէք այնպէս, ինչպէս որ են: Լաւատեսութիւնը կրնայ ձեզ առաջնորդել արդիւնաւէտ գործունէութեան մը, զոր չէիք ակնկալեր: Օրը հաճելի է:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Հեռու մնացէք շատախօսներէ, որոնք ժամավաճառ  կ՛ընեն ձեզ: Կեդրոնացէք ձեր աշխատանքին վրայ, որպէսզի «քաղաքավարութեան» վնասը չզգաք:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ընտանեկան  հարց մը, հաւանաբար` նիւթականի վերաբերեալ, պիտի խանգարէ ձեր օրուան խաղաղ ընթացքը: Հասկացողութեամբ կրնաք լուծել նման հարցեր: Շրջահայեաց եղէք:

Share this Article
CATEGORIES