50 Տարի Առաջ (7 Հոկտեմբեր 1963)
Տոմսեր
Պատմութեան Ներկարարները
Թուրք պատմաբաններ առհասարակ կ՛անճրկին եւ կ՛անպիտանան, երբ իրենց երկրի ներկան է խնդրոյ առարկայ: Վարպե՜տ «վաճառորդ» կը դառնան, երբ կարգը կու գայ Թուրքիոյ անցեալը ներկայացնելու…
Կը ներկեն, կը ջնարակեն եւ նոր կաղապարի մը մէջ կը ներկայացնեն իրենց անօթի ժողովուրդին:
Թուրք պատմաբաններ իրենց երկրի պատմութիւնը… ֆեսի տեղ են դրած եւ կը կարծեն, թէ կարելի է արդուկել, շրջել եւ կաղապարել զայն, ինչպէս կ՛ընէին ատենօք` իրենց գլխանոցները:
Երկու թուրք պատմաբաններ այս ձեւով նոր գիրք մը «կաղապարած» են վերջերս եւ կը ջանան ընթերցողը համոզե՜լ, թէ` «Անատոլուն անյիշատակ ժամանակներէ ի վեր եղած է թրքութեան մայր հայրենիքը»…
Հատորը դրուած է համաթուրանականութեան կաղապարի տակ եւ, ինչպէս միշտ, թուրք քաղաքականութեան խորհրդանիշ եաթաղանի մը շնորհիւ… կը բացուին անոր էջերը:
Չենք կրնար անարդար ըլլալ մերժելով թուրք պատմաբաններուն` անցեալ թէ ներկայ ճշմարտութիւններ:
Այսպէս, եթէ Անատոլուի այսօրուան թշուառ կացութիւնը նկատի ունենանք, անկարելի է չհամոզուիլ թէ, իրօք, այդ թշուառ երկիրը միա՛յն թուրքի մը օրրանը կրնայ եղած ըլլալ:
Եթէ նկատի ունենանք Ալաշեհիրի եւ այլ թրքական գիւղերու կամ քաղաքներու մէջ «անվախօրէն թափառող օձերը», ամէն ծակէ կարելի է փաստ մը հանել, թէ թրքական օրրա՜ն է այդ երկիրը:
Դարձեալ, թուրք հեղինակները կը պնդեն, թէ Վանի վիմագրութիւնները ո՛չ թէ հայերուն, այլ… թուրանական ցեղերուն կը պատկանին:
Այս տեսակէտը կ՛արդարանայ անշուշտ անով, որ այդ արձանագրութեանց մէջ երբեք չի խօսուիր թուրք ցեղի «շինարար»-ական արժանիքներուն մասին, եւ բնակա՜ն է, որ հոն, ուր ըսելիք լաւ բան չկայ, խօսքը կրնայ վերաբերիլ միմիայն Թուրքիոյ:
Այս պատմակա՜ն փաստերուն դիմաց, թուրք լրագրող մը թրքական թերթի մը մէջ կը գրէ Անատոլուի այսօրուան թշուառութեան մասին իր նկարագրութեան մէջ. «Երբ այս հողերուն վրայ հայեր կը բնակէին, առատութիւն կար, դպրոց եւ յառաջդիմութիւն կար…»:
Մեր կարծիքով, այս քանի մը տողերը միայն, թուրք ականատեսի մը կողմէ, շա՜տ աւելի պատմութիւն կը բովանդակեն, քան` Վանի բոլոր սեպագիր արձանագրութեանց «թուրանակա՜ն» յայտնութիւնները, որոնք թուրանական ալ չեն անշուշտ:
ԳԻՍԱՒՈՐ
Քահանայական Ձեռնադրութիւն Հալէպի Մէջ
(Սեփական թղթակցութիւն «Ազդակ»-ի)
Սեպտեմբեր 29, Վարագայ Խաչի տօնը, հոգեւոր խանդավառութիւն մը ստեղծեց Հալէպի մէջ` առաւելաբար քահանայական ձեռնադրութեան պատճառով:
Սեպտեմբեր 28, շաբաթ առաւօտ, Բերիոյ թեմի առաջնորդ Ղեւոնդ արքեպիսկոպոս Նոր Գիւղի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ կիսասարկաւագութեան եւ սարկաւագութեան աստիճաններ շնորհեց Թօկօ Տէր Արմենակեանի եւ Մինաս Մարսիլեանի: Շաբաթ երեկոյ քահանայական կոչման արարողութիւն կատարուեցաւ:
Սեպտեմբեր 29, կիրակի, առաջնորդ սրբազան հայրը հանդիսաւոր Ս. պատարագ մատուցեց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ հոծ բազմութեան մը ներկայութեան: Ձեռնադրութեան մասնակցեցան Տ. Վահան, Տ. Ատոմ, Տ. Ղեւոնդ եւ Տ. Գրիգոր քահանաներ: Պատարագիչ սրբազանը, Մայր Մաշտոցին համաձայն, ապրումով կատարեց ձեռնադրութեան եւ օծման հոգեպարար արարողութիւնները: Ս. միւռոնով օծեց ընծայեալներուն ճակատը եւ ձեռքերը, Թօկոն կոչեց Տ. Գէորգ քահանայ, իսկ Մինասը` Տ. Սարգիս քահանայ: Օծումէն ետք ձեռնադրիչ սրբազանը հոգեշունչ քարոզ մը խօսեցաւ եւ թելադրեց իր հոգեւոր զաւակներուն, որպէսզի ըլլան տիպար եկեղեցականներ եւ իրենց պարտականութիւնը կատարեն Աստուծոյ եւ ժողովուրդին հաւատքով եւ զոհողութեամբ:
Ձեռնադրութեան ներկայ էին քոյր համայնքներու հոգեւոր պետեր, որոնք խորապէս տպաւորուած իրենց գնահատանքը յայտնեցին:
Ս. պատարագէն ետք, ժողովուրդը աջահամբոյրով նորընծաներուն օրհնութիւնը ստացաւ:
Տ. Գէորգ քահանային կնքահայրը եղաւ Արաբկիրի եւ թեմերու Հայ կրթական միութիւնը, իսկ տ. Սարգիսին` Եզնիկ Ապուսէեան:
Տ. Գէորգ քահանայ ձեռնադրուեցաւ Ռաս Ուլ Այնի համար, ուր պիտի պաշտօնավարէ իբրեւ քահանայ-ուսուցիչ, իսկ տ. Սարգիս քահանայ` Գամիշլիի համար: Առաջինը Երուսաղէմի Ժառանգաւորաց վարժարանի ուսանողներէն է, իսկ երկրորդը` Անթիլիասի քահանայից դասարանի ուսանողներէն:
Վստահ ենք, որ երկու նորընծաները, իբրեւ գիտակից հոգեւորականներ, իրենց պարտականութիւնները լաւագոյն ձեւով պիտի կատարեն Ճեզիրէի շրջանին մէջ, ուր կ՛ապրի հոծ հայութեան մը, որ ունի եկեղեցիներ եւ դպրոցներ:
ԹՂԹԱԿԻՑ
Սսեցի Երիտասարդներու Միութեան
Զահլէի Հաւաքոյթը
Կիրակի, 29 սեպտեմբեր 1963, երեկոյեան տեղի ունեցաւ Սսեցի երիտասարդներու միութեան հայրենակցական հաւաքոյթը, «Օթել Յովակիմեան»-ի սրահին մէջ, Պէյրութի եւ Զահլէի հայրենակիցներու հոծ բազմութեան մը ներկայութեան:
Հաւաքոյթին բացումը կատարեց միութեան ատենապետ Սարգիս Տեմիրճեան: Յայտարարեց. «Ուրախութեամբ կը յայտնենք մեր հայրենակիցներուն, որ միութեան սեփական ակումբին շինութեան կը սկսինք շուտով` յուսալով, որ Նոր տարին աւարտած պիտի ըլլայ ամբողջովին: Այն ատեն շքեղօրէն պիտի տօնենք բացումը մեր ակումբին, հայրենակիցներու ընդհանուր ցնծութեան մէջ: Սեփական սրահը միութեան հնարաւորութիւն պիտի տայ ձեռնարկելու այնուհետեւ հայրենակցական եւ մշակութային տարածուն գործունէութեան` դարձնելով մեր ակումբը սիրելի ժամադրավայրը շրջանի հայութեան»:
Գեղարուեստական բաժնին իրենց մասնակցութիւնը բերին երգով` Մարօ Տեմիրճեան եւ Էլօ Կիցցինեան, արտասանութեամբ Գեղանուշ Ֆերմանեան եւ Թորոս Սպիտանեան, նուագով` Մինաս Գանգրունի եւ Կարօ Քէօրքիւնեան, վայելքի քաղցր պահ մը պարգեւելով ներկաներուն:
Օրուան բանախօսն էր միութեան վարչականներէն Յակոբ Օվայեան: Խնամքով վերլուծելէ ետք հայ ժողովուրդի կրած ահաւոր չարչարանքն ու գոյատեւելու յամառ եւ կորովի նկարագիրը, յարգելի բանախօսը ըսաւ. «Մեր միութիւնը ծնունդն է մե՛ր ժողովուրդին: Պիտի ապրի՛ ան: Ու իր կեանքի ճամբուն վրայ, պիտի աշխատի հասցնել պատուաբեր երիտասարդ սերունդներ»: Յետոյ անդրադարձաւ կազմակերպուած աշխատանքի առաւելութեանց մասին` շեշտելով. «Իւրաքանչիւր հայրենակից պէտք է գուրգուրայ իր միութեան, ինչպէս` իր հարազատ զաւկին, աջակցելով անոր ամէն կերպով, որպէսզի կարենայ ան իր գոյութիւնը իմաստաւորել` հայ ժողովուրդին ու հայ մշակոյթին ծառայելու վսեմ առաքելութեան մէջ»:
Յայտագրի կէսին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն` մտերմիկ եւ ուրախ մթնոլորտ ստեղծելով հայրենակիցներու միջեւ: Կազմուեցաւ նաեւ յանձնախումբ մը` վարելու համար միութեան Զահլէի աշխատանքները: Յանձնախումբի անդամներն են` Ազատ Գասարճեան, Աւագ Կիզիրեան եւ Գրիգոր Նալպանտեան:
Հաւաքոյթը փակուեցաւ միութեան տունը շուտով կառուցուած տեսնելու մաղթանքներով:
ԹՂԹԱԿԻՑ

