Կրթական Մօտեցումներ. Ընկերային Կարողութիւնները` Դպրոց Սկսելու Բանալին
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ
ՎԵՐՋԵՐՍ ԿԱՏԱՐՈՒԱԾ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՄԸ ՀԱՄԱՁԱՅՆ, ՄԱՆՈՒԿՆԵՐԸ ԿԱՆՈՒԽ ՏԱՐԻՔԷՆ «ԴՊՐՈՑԱԿԱՆԱՑՆԵԼՈՒ» ՄՕՏԵՑՈՒՄԸ ԱՊԱՐԴԻՒՆ Է ԵՒ ՅԱՒԵԼԵԱԼ ԱՇԽԱՏԱՆՔ ՊԷՏՔ Է ՏԱՐՈՒԻ` ԶԱՐԳԱՑՆԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ԱՆՈՆՑ ՀԱՂՈՐԴԱԿՑԵԼՈՒ ԵՒ ԻՆՔՆԱՎԱՐՈՒՄԻ ԿԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ: «ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.» ԿԸ ՄԱՆՐԱՄԱՍՆԷ.
Վերջերս կատարուած ուսումնասիրութիւն մը ցոյց տուած է, թէ սորվելու կարողութիւններէն աւելի` ընկերային կարողութիւններն են կրթական պատրաստութեան բանալին: Հետեւաբար մանուկներու հոգածութեան մարզին մէջ աշխատողներ կոչ կ՛ուղղեն կրթական կանուխ տարիներուն յաւելեալ ժամանակ տրամադրելու խաղին:
Ուսումնասիրութիւնը կատարուած է Բրիտանիոյ տարածքին աւելի քան 2000 ծնողներու, ուսուցիչներու եւ մանուկներու հոգածութեան մարզին մէջ աշխատողներու վրայ: Անիկա եզրակացուցած է, թէ ընկերային կարողութիւնները եւ ինքնավարումը շատ աւելի բարձր կը դասուին, քան` ակադեմական կարողութիւնները:
Մանուկներու հոգածութեան «Փէյսի» կազմակերպութեան կողմէ կատարուած վիճակագրութեան համաձայն, կանուխ տարիքէն պաշտօնական կրթութիւն կիրարկելը կրնայ խանգարել մանուկներուն յաջողութեան ընթացքը:
Բրիտանիոյ կրթական պետական մօտեցումը այն է, որ կանուխ տարիքէն «ուսուցիչներու առաջնորդութեամբ» կիրարկուած ուսումնական ծրագիրները կը նպաստեն մանուկներուն կազմաւորման:
«Կանուխ տարիք»-ը պետական սահմանում մըն է, որ կ՛ընդգրկէ մինչեւ 5 տարեկան մանուկներու համար նախատեսուած կրթական ծրագիրը, ներառեալ` մանկապարտէզ եւ նախապատրաստական:
Այս հանգրուանը կը միտի մանուկները պատրաստել դպրոցի: Փէյսի (Փրոֆեշընըլ ըսոսիէյշըն ֆոր չայլտքէր էնտ ըրլի եիրզ) ուսումնասիրած է, թէ ի՛նչ կը նշանակէ «պատրաստ ըլլալ դպրոցի»:
Փէյսի իր ուսումնասիրութեան համար հարցախոյզ մը կատարած է 1474 ծնողներու, մանուկներու հոգածութեան 500 մասնագէտներու եւ 160 ուսուցիչներու հետ, հարցնելով, թէ մանուկներ ի՞նչ կարողութիւններ եւ յատկանիշներ պէտք է ունենան, որպէսզի դպրոց յաճախելու պատրաստ ըլլան:
Հարցախոյզին մասնակցած անձերուն 75 առ հարիւրը պատասխանած է, թէ ամէնէն կարեւոր յատկանիշը ծնողներու բացակայութեան դպրոցին մէջ ինքնավստահ զգալն է, ինչպէս նաեւ` այլ մանուկներու եւ չափահասներու հետ հաղորդակցելու եւ յարաբերելու կարողութիւնը:
Շատեր նաեւ նշած են հետաքրքրութիւնը եւ սորվելու ցանկութիւնը` իբրեւ հիմնական յատկանիշներ:
Նուազագոյն կարեւորութիւն ներկայացնող յատկանիշներուն շարքին դասուած են կրթական հիմնական կարողութիւնները, ինչպէս` գրել, կարդալ եւ հաշիւ: Հարցախոյզին մասնակցողներուն 26 առ հարիւրը եւ ուսուցիչներուն 4 առ հարիւրը միայն անհրաժեշտ դասած են այս յատկանիշները:
Փէյսիի բարձրաստիճան պատասխանատու Լիզ Պայրամի համաձայն, ուսումնասիրութիւնը ցոյց կու տայ, թէ հետզհետէ աւելի կը շեշտուի կանուխ տարիքէն մանուկները «դպրոցականացնելու» մտավախութիւնը:
«Թէեւ ոչ ոք պիտի ժխտէր մանուկներուն բոլոր կարողութիւնները ամբողջութեամբ զարգացնելու անհրաժեշտութիւնը, սակայն Փէյսի այն մտավախութիւնը ունի, թէ ուսումնական նպատակները սկսած են դառնալ տիրական ներկայութիւն` կանուխ տարիներուն»:
«Մեր ուսումնասիրութիւնը ցոյց կու տայ, թէ ուսուցիչներ եւ կրթական մարզին մէջ աշխատող արհեստավարժներ մտահոգ են, որ կը կորսուի խաղին կարեւորութիւնը` մանուկները ինքնավստահ, հաղորդական, ընկերային եւ հետաքրքիր անձեր դարձնելու մէջ:
«Կը փափաքինք, որ Անգլիոյ տարածքին կրթական քաղաքականութիւն մշակողներ ուսումնասիրեն, թէ ի՛նչ տեղի կ՛ունենայ այլ երկիրներու տարածքին, ոչ միայն հիւսիսային Եւրոպայի երկիրներուն, այլ նաեւ` նոյնինքն մեզի շատ մօտ Կալէսի մէջ, անդրադառնալու համար, թէ խաղի վրայ հիմնուած մօտեցումը կը նպաստէ ոչ միայն մանուկներուն կանուխ տարիքի իրագործումներուն, այլ նաեւ իր դրական ներգործութիւնը կ՛ունենայ անոնց դպրոցական ամբողջ կեանքին ընթացքին եւ անկէ անդին:
«Ծնողներու համար իրենց զաւկին գիրը կամ գիրք մը կարդալու կարողութիւնը չէ, որ կ՛որոշէ, թէ ան «դպրոց երթալու պատրա՞ստ» է, թէ՞ ոչ,- կ՛ըսէ Քէյթի Ռենսըն:- Աւելի կարեւոր է, թէ ան արդեօք գործնապէս կրնա՞յ ինքզինք ղեկավարել, այսինքն` առանձինը բաճկոն հագնիլ, ճաշամանը բանալ կամ պարզապէս բաւական հասուն ըլլալ` լսելու եւ հասկնալու ուսուցիչին ըսածը», կ՛ըսէ ծնողներու խորհուրդներ տուող Netmums.com կայքէջին գլխաւոր խմբագիրը` Քէյթի Ռենսըն:
Բրիտանիոյ կրթական նախարարութիւնները հրատարակած են կրթական ծրագիր մը, որուն համաձայն, մանուկը 5 տարեկանէն սկսեալ պէտք է ծանօթանայ կոտորակներու եւ համակարգչային ծրագիրներ պատրաստելու ձեւերուն:
Մանուկներու հոգածութեան նախարար Լիզ Թրուս նաեւ կը շեշտէ, թէ պէտք է ուսումնական պաշտօնական յաւելեալ ծրագիրներ պատրաստուին կանուխ տարիներու կրթութիւնը զարգացնելու համար եւ կը գովէ ֆրանսական համակարգը, ուր կը կիրարկուին շատ աւելի մեծ թիւով ծրագիրներ` ուսուցիչներու ղեկավարութեամբ:
Իսկ Բրիտանիոյ կրթութեան նախարարութեան համաձայն, ծնողներ պէտք է ունենան «հաճելի խաղի եւ ծրագրուած կրթութեան տարբեր մօտեցումներուն միջեւ ընտրութիւն մը կատարելու ազատութիւնը»:
Նախարարութեան մէկ բանբերը կ՛ըսէ. «Իրողութիւնը այն է, որ մանուկներուն 30 առ հարիւրը կը սկսի դպրոց յաճախել` առանց լեզուական եւ հաղորդակցութեան կարողութիւններու: Աղքատ թաղամասերու մէջ համեմատութիւնը աւելի քան 50 առ հարիւր է»:
«Կանուխ տարիներու լաւորակ կրթութիւնը, որ կ՛իրագործուի ուսուցիչին ղեկավարութեամբ, օգտակար է մանուկներուն համար, մասնաւորաբար` նիւթական համեստ պայմաններով ապրող ընտանիքներու զաւակներուն»:


