Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Իրանի Դեսպանը
Շաբաթ, 5 հոկտեմբեր 2013-ի առաւօտեան, Պիքֆայայի վանքին մէջ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ընդունեց Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատին:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի ներքին կացութեան եւ յատկապէս նոր կառավարութեան կազմութեան, Սուրիոյ տագնապին եւ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի կացութեան, ինչպէս նաեւ իրանահայութեան առնչուած շարք մը հարցեր եւ մարտահրաւէրներ:
CATEGORIES Գաղութային

