Լիբանանի Ֆութպոլի Պատուիրակութիւնը Մեկնեցաւ Իրան

Շաբաթ, 5 հոկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 18:30-ին Պէյրութի միջազգային օդակայանէն Իրան մեկնեցաւ Լիբանանի ֆութպոլի 19 տարեկանէն վար երիտասարդներու ազգային խումբը` իր մասնակցութիւնը բերելու համար 2014-ի Ասիոյ երիտասարդներու ախոյեանութեան, որ տեղի պիտի ունենայ Քերման քաղաքին մէջ` 8-12 հոկտեմբերին:

Նշենք, որ Լիբանան մաս կը կազմէ Դ. խմբակին:

Նշենք, որ Լիբանանի պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ Համբիկ Միսաքեան:

Ստորեւ` նկատի առնուած մարզիկներուն անունները. Ապպաս Սայետ Ահմետ, Ալաէտտին Աշքար, Ալի Շեհապ, Խալետ Ալի, Ալի Հաժ Հասան, Խալիլ Խամիս, Քրիսթիան Խուրի, Ֆատի Ժըրէյժ, Ղազի Հանինէ Հապիպ Շուէյհ, Հասան Քուրանի, Հիւսէյն Այյուպ, Հիւսէյն Ֆաքհա, Հիւսէյն Զէյն, Ժիհատ Մասրի, Ժիհատ Ժումաա, Խալետ Ժասեմ, Լեւոն Գինոյեան, Մոհամետ Սալեմ, Մոհսեն Տըպըք, Ռաուլ Խազեն, Ապի Ապու Ասաֆ եւ Ուարտ Էզզէտտին:

Share this Article
CATEGORIES