Ամերիկեան Մասնայատուկ Ուժեր Լիպիոյ Եւ Սոմալի Մէջ Իսլամական Ղեկավարներու Դէմ Գործողութիւններ Կը Կատարեն

Անաս Լիպի

Ամերիկացի պաշտօնատարներ յայտնեցին, որ ամերիկեան մասնայատուկ ուժեր Ափրիկէի մէջ կատարած են երկու անջատ գործողութիւններ` թիրախ դարձնելով իսլամական ղեկավարներ:

Լիպիոյ մայրաքաղաք Թրիփոլիի մէջ ամերիկեան ուժերը ձերբակալեցին Քայիտայի ղեկավարներէն Անաս Լիպին, որ ամբաստանուած է 1988-ին Քենիոյ եւ Թանզանիոյ մէջ ամերիկեան դեսպանատուներու ականահարումով: Ամերիկացի պաշտօնատար մը «Սի.Էն.Էն.» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, որ լիպիական կառավարութիւնը տեղեակ էր գործողութենէն, սակայն Լիպիա յայտարարեց, որ «գործողութեան մասին տեղեակ դառնալէ ետք անմիջապէս» ամերիկեան իշխանութիւններուն հետ կապ հաստատելով բացատրութիւններ պահանջած է:

Ամերիկեան մասնայատուկ ուժերը նաեւ ծովու ճամբով գործողութիւն մը կատարեցին Հարաւային Սոմալիի Պարաուէ քաղաքին մէջ` թիրախ դարձնելով Քայիտայի առնչակից Շապապ խմբաւորումին մէկ ղեկավարը, սակայն գործողութիւնը կը թուի ձախողած ըլլալ: Նշեալ ղեկավարը Քենիոյ մայրաքաղաք Նայրոպիի մէջ գտնուող առեւտրական համալիրի մը դէմ անցեալ ամիս  առնուազն 67 զոհ պատճառած յարձակումին մեղսակից կը նկատուի: Շապապ շարժումը յարձակումին պատասխանատուութիւնը ստանձնած էր: Ըստ տեղեկութեանց, Պըն Լատենի դէմ գործողութիւնը կատարած ամերիկեան «Սիլ Թիմ Սիքս» մասնայատուկ ուժերու անդամներ արշալոյսէն առաջ առանձնատան մը դէմ յարձակում գործած են, սակայն իրենց թիրախը չգտնելէ եւ բուռն դիմադրութեան հանդիպելէ ետք նահանջած են: Ամերիկեան ապահովական աղբիւր մը «Նիւ Եորք Թայմզ»-ին յայտնեց, որ գործողութիւնը «մէկուկէս շաբաթ առաջ ծրագրուած էր» եւ անոր դրդապատճառը Նայրոպիի մէջ կատարուած յարձակումն էր:

Շապապ շարժումը «Պի.Պի.Սի.»-ին յայտնեց, որ «սպիտակամորթ զինուորներ» նաւով Պարաուէ հասած են, սակայն ըմբոստները զանոնք ետ մղած են` տալով զոհ մը:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի յայտարարեց, որ Լիպիոյ եւ Սոմալիի մէջ կատարուած գործողութիւնները ցոյց կու տան, որ Միացեալ Նահանգներ երբեք պիտի չդադրեցնեն «ահաբեկչական արարքներ կատարողները հաշուետուութեան կանչելու իրենց ջանքերը»` աւելցնելով, որ անոնք, որոնք ամերիկեան շահերուն դէմ յարձակումներ կը գործեն, «կրնան փախուստ տալ, սակայն չեն կրնար պահուըտիլ»:

 

 

Share this Article
CATEGORIES