ՄԱԿ-ի Իրաւապաշտպանները Ազրպէյճանի Իշխանութիւններուն Կոչ Կ՛ուղղեն Քաղաքացիներու Իրաւունքները Չոտնակոխելու

ՄԱԿ-ի մարդկային իրաւանց մարզի փորձագէտները Ազրպէյճանի մէջ տեղի ունենալիք նախագահական ընտրութիւններու նախօրեակին երկրի իշխանութիւններուն կոչ կ՛ուղղեն աջակցելու իրաւապաշտպաններու եւ քաղաքացիական հասարակութեան կազմակերպութիւններու աշխատանքին:

ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով ՄԱԿ-ի մամլոյ ծառայութեան, կը հաղորդէ, որ փորձագէտներու միացեալ յայտարարութեան մէջ մտահոգութիւն կը յայտնուի, թէ երկրին մէջ ստեղծուած իրավիճակը կը դժուարացնէ եւ կը սահմանափակէ իրաւապաշտպաններու եւ քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներու աշխատանքը:

ՄԱԿ-ի փորձագէտները յայտարարած են, որ 2012-ին որդեգրուած հաւաքներու ազատութեան մասին օրէնքին մէջ փոփոխութիւնները խստացուցած են խաղաղ ցոյցերու իրաւունքի գոյութիւն ունեցող սահմանափակումները, ներառեալ` անոնց կազմակերպիչներուն նկատմամբ պատիժը:

Ըստ ՄԱԿ-ի իրաւապաշտպաններուն, անհրաժեշտ է միջազգային արժէչափերուն համապատասխանող հանրահաւաքներու կատարումը արտօնել, իսկ անոնց մասնակիցներուն նկատմամբ պէտք չէ ուժ գործածուի կամ ձերբակալութիւններ ըլլան:

Ազրպէյճանի մէջ նախագահական ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան 9 հոկտեմբերին, այդ պաշտօնին թեկնածուներէն է նաեւ գործող նախագահ Իլհամ Ալիեւ:

 

Share this Article
CATEGORIES