Ժընեւի Մէջ Դիւանագիտական Սերտ Խորհրդակցութիւններու Ձեռնարկելով`. Պըրրի Զգուշացուց Արաբական Աշխարհը Մասնատելու Միտող Ծրագիրի Շարունակումէն
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Ժընեւէն զգուշացուց արաբական աշխարհի երկիրներուն սպառնացող մասնատումի ձգտող ծրագիրի շարունակումէն` ընդգծելով, որ զուգադիպութիւն չէ Լիպիան, Եգիպտոսը, Իրաքը եւ Սուրիան հարուածող փոթորիկը, որ շրջանը կը մխրճէ վտանգաւոր կացութեան մէջ` վճռական ու պատասխանատու կեցուածք պահանջելով անոր դիմակալման մէջ:
Պըրրի, որ շաբաթ օր Ժընեւ մեկնած էր` մասնակցելու Խորհրդարանական միջազգային միութեան 129-րդ համագումարին, դիտել տուաւ, որ շրջանի դիմակալած վտանգաւոր այս իրավիճակը առիթ մըն է Իսրայէլի` իր ուզած լուծումը դասաւորելու Պաղեստինի համար:
Նշենք, որ Պըրրի, որուն կ՛ընկերակցին երեսփոխաններ Ժիլպերթ Զուէյն, Էլի Աուն եւ Ապտել Լաթիֆ Զէյն, Ժընեւի մէջ ձեռնարկեց դիւանագիտական սերտ խորհրդակցութիւններու` արաբական թէ առնչակից զանազան երկիրներու ներկայացուցիչներուն հետ, պարզելով Լիբանանի իրավիճակը եւ պահանջելով համապատասխան գործակցութիւն:
«Մեզի` լիբանանցիներուս համար չկայ փրկութիւն առանց երկխօսութեան եւ հաղորդակցութեան», ընդգծեց Պըրրի` եզրափակելով, որ անլուծելի հարց չկայ:

