Ողբի Ու Ողջագուրման Յուզումնախառն Մթնոլորտի Մէջ. Ինտոնեզիոյ Ողբերգութենէն Փրկուած Լիբանանցիներուն Ա. Խումբը Վերադարձաւ Պէյրութ

Ինտոնեզիոյ ծովամոյն լիբանանցիներու կորուստի ողբին զուգահեռ փրկուած արկածահարներու տունդարձի ողջագուրման յուզումնախառն մթնոլորտին մէջ լիբանանցիք երէկ դիմաւորեցին լիբանանեան պատուիրակութեան հետ տուն դարձող փրկուած լիբանանցիներու առաջին խումբը: Այս առիթով Պէյրութի օդակայանին մէջ զիրենք դիմաւորելու եկած պետական թէ քաղաքական, կուսակցական ներկայացուցիչներ ցաւակցութիւն յայտնեցին ծովամոյն զոհերուն համար` շեշտելով պետութեան պատասխանատուութիւնը` լիբանանցիներուն բարեկեցիկ կեանք ապահովող աշխատանքի առիթներու ստեղծումի գծով: Արդարեւ, օրապահիկի փնտռտուքով աշխարհի հեռաւոր ափերը գաղթել փորձած արկածահար լիբանանցիները ընդգծեցին, որ իրենք մեկնած էին, որովհետեւ պետութիւնը անհրաժեշտ հոգածութիւն չի ցուցաբերեր իրենց շրջաններուն: Քպիիթի փրկուած արկածահարներէն Հիւսէյն Խտըր, որուն կինն ու ութ զաւակները զոհ գացին արկածին, թելադրեց չկրկնել իրենց սխալը եւ չփորձել նման ապօրինի ձեւով գաղթել:

Վերադարձողներէն երեքը Աքքարի Քպիիթ գիւղաքաղաքէն էին, ուր զիրենք դիմաւորելու համար համախմբուած էին գիւղաքաղաքին բնակիչներն ու հեղինակաւոր անձնաւորութիւնները:

Նմանապէս, Թրիփոլիի Ապտել Համիտ Քարամէ հրապարակը խճողուած էր` դիմաւորելու համար փրկուած արկածահարները:

Ողբի ու ողջագուրման զգացումներուն զուգահեռ, պատասխանատուներ ահազանգ հնչեցուցին այս ողբերգութեան տուն տուող պատճառներուն գծով` պետութենէն պահանջելով փութալու այս հարցի հետապնդման` սկսելով Աքքարի շրջանի բարեկարգումէն:

Արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ատնան Մանսուր պետութիւնը պատասխանատու նկատեց այս դէպքին` պահանջելով յաւելեալ հոգածութիւն ցուցաբերել այս շրջանին: Մանսուր նաեւ պահանջեց հետապնդել ու պատժական տնօրինումի ենթարկել ապօրինի արտագաղթի առնչակից մաֆիայի անդամները:

Աքքարի Քպիիթ գիւղաքաղաքի իմամ շէյխ Ալի Խտըր պետութենէն պահանջեց հետապնդել այս հարցը իր բոլոր մանրամասնութիւններով` զայն պատասխանատու նկատելով Աքքարի նկատմամբ հոգածութեան զլացման: Իմամ Խտըր նոյնքան պատասխանատու նկատեց նաեւ Աւստրալիոյ կառավարութիւնը, որ չփութաց օգնելու ծովամոյն արկածահարներուն: Իսկ Ինտոնեզիոյ կառավարութիւնը որակեց «յետամնաց պետութիւն, որ նոյնիսկ չյարգեց արկածահարներու դիակները»:

Ներքին ապահովութեան ուժերու նախկին ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Աշրաֆ Ռիֆի ցաւակցական այցելութիւն տուաւ Քպիիթի արկածահարներու ընտանիքներուն` պատկան կողմերէն պահանջելով փութալ անհրաժեշտ միջոցառումներուն` այս հարցի լուծման համար:

Տնտեսութեան ու ապահովութեան նահանջի եւ յուսալքումի ահաւոր իրավիճակ կը տիրէ այդ շրջաններուն մէջ», ընդգծեց Ռիֆի:

Ռիֆի պետութենէն պահանջեց նաեւ լուրջ հետաքննութեան ձեռնարկել այս գծով:

Արդարադատութեան նախարարի պաշտօնակատար Շեքիպ Քըրթպաուի յայտնեց, որ ցարդ արգելափակուած են երեք անձեր եւ հետաքննութիւնները կը շարունակուին ապօրինի գաղթի մաֆիաներու մեղսակիցներուն գծով: Հարցաքննուած են ճամբորդական բազմաթիւ գրասենեակներու պատասխանատուներ: Ան յայտնեց, որ երկրորդ մաֆիա մը կայ, որուն գծով հետաքննութիւնները կը շարունակուին, բայց մերժեց յաւելեալ մանրամասնութիւն տալ:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus (0 )