Սահակեան. «Արցախի Անկախութիւնն Ու Անվտանգութիւնը Ենթակայ Չեն Որեւէ Սակարկութեան»

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան անցեալ ուրբաթ օր մասնակցեցաւ Ստեփանակերտի մէջ սկսած «Արցախի ազգային-ազատագրական պայքարը. Գիւլիստանէն մինչեւ մեր օրերը» միջազգային գիտաժողովին:

Նախագահ Սահակեան կարեւոր նկատեց այսպիսի միջազգային գիտական նախաձեռնութիւններու կազմակերպումը` արցախեան տագնապը խորութեամբ հասկնալու, շրջանին մէջ տեղի ունեցող հոլովոյթները համակողմանիօրէն դիտարկելու եւ հաւանական զարգացումները աւելի ճշգրիտ կերպով կանխատեսելու տեսանկիւններէն:

Նախագահ Սահակեան յայտնեց, որ հայ ժողովուրդի ազատ եւ ինքնիշխան ապրելու, ազգային պետականութիւնը վերականգնելու ձգտումը համաշխարհային պատմութեան մէջ ամէնէն երկարատեւ ազգային-ազատագրական պայքարներէն մէկն է, որուն ընթացքին մէկ բան մնացած է անփոփոխ` մեր ռազմավարական գերագոյն նպատակը` ազատ, ինքնիշխան եւ ազգային հզօր պետականութեան վերականգնումը եւ անոր շարունակական զարգացումը եւ ամրապնդումը:

Անդրադառնալով Արցախի պետականութեան ներկայ հանգրուանին` նախագահ Սահակեան ընդգծեց, որ մեզի համար ետդարձի ճամբայ չկայ: Արցախի անկախութիւնը եւ ապահովութիւնը բացառիկ արժէքներ են, որոնք ենթակայ չեն որեւէ սակարկութեան:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )