«Ժամանակն Է, Որ Միացեալ Նահանգներ Լրջօրէն Վերաբերին Հայաստանի Հետ Առեւտրական Համագործակցութեան» Յայտարարեց Արամ Համբարեան

«Ժամանակն է, որ Սպիտակ տունը լրջօրէն վերաբերի Միացեալ Նահանգներ – Հայաստան առեւտրական համագործակցութեան եւ գործադրութեան դնէ նախագահ Օպամայի խոստումը` ընդլայնուած առեւտուրի միջոցով Հայաստանի աճին եւ զարգացման նպաստելու մասին», հոկտեմբերին Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունենալիք Միացեալ Նահանգներ-Հայաստան տնտեսական բանակցութիւններուն ընդառաջ «Արմենփրես»-ին հաղորդեց Միացեալ Նահանգներու Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան:

Հայ-ամերիկեան առեւտրատնտեսական համագործակցութիւնը կանոնակարգող Տնտեսական հարցերով հայ-ամերիկեան աշխատանքային խումբի այս տարուան նիստին ընթացքին կ՛ակնկալուի հիմնականին մէջ երկկողմանի յարաբերութիւնները նոր հարթակի վրայ բարձրացնել` քննարկման դնելով շարք մը յստակ ուղղութիւններ` առեւտուրի ընդլայնում, նոր ներդրումներ եւ լաւ աշխատատեղեր:

«Վերջին երկու տասնամեակներուն Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը չանսաց ամերիկահայ համայնքի կոչին` կառավարելու Թուրքիոյ կողմէ շրջափակման վերացման հոլովոյթը եւ ընդլայնելու Միացեալ Նահանգներ – Հայաստան տնտեսական յարաբերութիւնները: Ասիկա, դժբախտաբար, յանգեցուց ներկայիս իրավիճակին, երբ Հայաստան բաւարար ռազմավարական ընտրանքներ չունի իր շրջանային յարաբերութիւնները կարգաւորելու համար», նշեց Համբարեան:

Միացեալ Նահանգներու հետ տնտեսական կապերու ընդլայնումը կը նպաստէ նոր աշխատատեղերու ստեղծման, կ՛ամրապնդէ հայ և ամերիկացի ժողովուրդներու երկարամեայ բարեկամութիւնը, կ՛օգնէ վնասազերծելու թուրք-ազրպէյճանական շրջափակման ազդեցութիւնը, եւ որ ամէնէն կարեւորն է, Հայաստանի համար կը ստեղծուին ռազմավարական կարելիութիւններ շրջանին մէջ` իր տնտեսական եւ ապահովութեան քաղաքականութիւնը կազմակերպելու հարցին մէջ:

Այդ պատճառով  Միացեալ Նահանգներու Հայ դատի յանձնախումբը երկար տարիներ ջանացած է, որ Միացեալ Նահանգներու առաջնահերթութիւններուն մէջ ընդգրկուի նաեւ Հայաստանի հետ տնտեսական կապերու ընդլայնման հարցը: Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը մեծապէս բանակցած է նախագահ Օպամայի վարչակազմին եւ Քոնկրեսին հետ` Հայաստանի հետ Առեւտուրի եւ ներդրումներու շրջանակային համաձայնագիրի, Կրկնակի հարկային համաձայնագիրի եւ շարք մը այլ համաձայնագիրներու կնքման ուղղութեամբ:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )