Նախագահ Սահակեան Ընդունեց «Փիւնիկ» Հիմնադրամի Ներկայացուցիչները

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 5 հոկտեմբերին ընդունեց «Փիւնիկ» մարդկային պաշարներու հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Լեւոն Սարգսեանը, պատուոյ նախագահ Գաբրիէլ Չեմպերճեանը եւ հիմնադրամի խումբի անդամներ:

Հանդիպումին քննարկուեցան մարդկային պաշարներու զարգացման առնչուող հարցեր: Նախագահ Սահակեան նշեց, որ մարդկային պաշարները կը հանդիսանան Արցախի մեծագոյն հարստութիւնը եւ անոնց լիարժէք բացայայտման ու օգտագործման համար կարելիութիւններու ստեղծումը պետութեան առջեւ կանգնած կարեւորագոյն խնդիրներէն մէկն է:

Այս շրջագիծին մէջ նախագահ Սահակեան կարեւոր նկատեց «Փիւնիկ» բարեգործական հիմնադրամին հետ փոխադարձ գործակցութեան շարունակական խորացումը` զայն նկատելով պահանջուած Արցախի Հանրապետութեան համար:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )