Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Հայ Եկեղեցին, Դպրոցն Ու Լեզուն
ԿԱՅԾՈՍԿԻ
ՊՕՂՈՍ ԱՃԵՄԵԱՆ
Ո՛վ իմ լեզու հայկական
Պարգե՛ւն աստուածական
Դո՛ւ իմ լեզու մայրական
Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցեան
Եկեղեցին` դպրոցներով հայկական
Ուսմունքներով` պատուական
Հոն` այդ շուքին տակ հայկեան
Վառած սուրբ ջահն մշտական
Ուր կը լուսաւորեն, կը տաշեն
Կը յղկեն ու կ՛ազնուացնեն
Հոգինե՜րը, ուղեղնե՜րը մանկական
Ուր կը թոթովեն ու կը հեգեն
Առաջին ոսկետառե՜րը Մեսրոպեան
Ուր` կը ծաղկին կը մեծնան
Նոր սերունդները հայկական
Հայ դպրոցն ու եկեղեցին
Ամրո՛ցն է հայ լեզուին ու ազգի՛ն:
Յարգա՜նք եւ երախտագիտութի՜ւն
Անխոնջ աշխատանքին
Ուսուցչուհի ուսուցիչին
Յարատեւ սիրոյ, ուժին եւ կամքին
Անսպառ համբերութեան եւ շունչին
Տնօրէնութեան կազմին
Եւ կրօնական թեմին,
Որոնք թիկունքն են հայ լեզուին
ու ազգին:
Հայ մանուկը պէտք է գիտական, հոգեկան,
Բարոյական, կրօնական ու ազգային կրակով
դարբնուած ըլլայ ամէնուրեք
Վաստակաւոր մշակներու շուքին ներքեւ:
Մարտ 5, 2008
Մոնրէալ

