Որպէսզի Երբ Հայելիին Մէջ Նայիմ… Ինքզինքս Ճանչնամ

Կեդրոնականցի Արմենակը չճանչցող չկայ: Ան իր ժամանակին մարդն է, մշտարթուն դիտողը: Թերութիւնը այն է, որ լռել չի գիտեր: Ըսողներ ալ կան, որ լաւ է, որ այդպէս է, քանի որ տաք շագանակները կրակէն ինք կը հանէ:

Էլպիսին հետ իր ընկերոջ` Արթաքիին այցելութեան գացեր էր Պէյրութ, առանց վախնալու պատերազմի սպառնալիքէն: Առանց հրաւէրի սպասելու պատմեց:

– Արթաքիին ոսկերչանոցը նաեւ մեծ վաճառատուն է, որ աշխատանոցէն յատուկ ապակիով բաժնուած է: Մտնող-ելլողները մեզ չէին տեսներ: Մենք կը տեսնէինք իրենց վիզին, դաստակին, մատին, ականջին ոսկեղէն փորձող իրարու նմանող գեղուհիները, կամ` այդ մարմաջը ունեցողները: Այդ տեսնելէ ետք, Արթաքիին հետ ունեցայ հետեւեալ զրոյցը:

– Արթաքի՛, այս բոլոր աղջիկները եւ կիները ազգակա՞ն են իրարու,- հարցուցի:

– Այդ ի՞նչ հարցում է,- ըսաւ զարմանքով:

– Տե՛ս, իրարու կը նմանին: Նոյն կամարաձեւ յօնքերը, նոյն ցցուած այտերը, նոյն ողորկ ճակատները եւ նոյն «լոխում»-ի պէս շրթները:

Արթաքի գլուխը օրօրելով` ըսաւ.

– Արմենա՛կ, հայերը եւ անոնց պէս ալ լիբանանցիները, ամէն բանի մէջ կ՛ուզեն առաջին ըլլալ: Բնակչութեան թիւին բաղդատած` հոս գեղագիտական վիրաբուժութեան ենթարկուածներուն թիւը աշխարհի ամէնէն բարձրն է, նոյնպէս` գեղագիտութեան բժիշկներու: Լսած ըլլալու ես, երեւոյթը համաճարակային է Պրազիլի մէջ:

– Ի՞նչ կ՛ըսեն մարդիկ, նոյն գլուխները տեսնելով` չէ՞ք յոգնիր:

– Ո՛չ միայն գլուխները: Բայց այլեւս չենք զարմանար, ուշադրութիւն չենք ըներ: Մայր մը ըսաւ, որ` «եթէ աւելի գեղեցիկ պիտի ըլլան,  ինչո՞ւ չընեն»:

Համակարգիչին առջեւ նստած` աղջիկ մը անձայն կ’աշխատէր: Ուշադրութիւնս գրաւեց: Ո՛չ շպար, ո՛չ կամարաձեւ յօնք եւ ո՛չ «լոխում» շրթունք: Չդիմացայ եւ հարցուցի. «Օրիո՛րդ, ինչո՞ւ դուք ալ չէք հետեւիր միւսներուն, քանի որ այդ կը պահանջէ նորութիւնը, գեղեցիկ ըլլալու հնարէն չէք օգտուիր»: Աղջիկը պահ մը լռեց: Մեզի դառնալով` հատիկ հատիկ ըսաւ. «Որպէսզի առտու, երբ հայելիին մէջ նայիմ, ինքզինքս ճանչնամ»: Եւ շարունակեց գործը:

Արմենակ պահ մը լռելէ ետք, խօսքը ինծի ուղղելով` ըսաւ.

– Մակա՛ր, զարմացայ: Առանց «դոկտոր» ըլլալու` իմաստուն կարելի էր ըլլալ, նոյնիսկ` երիտասարդ տարիքին: Արթաքիին ըսի, որ այդ աղջկան լաւ նայի:

Եւ եզրակացուց.

– «Լոխում»-ին կեղծը չ’ըլլար: Մեր օրերուն շրթունքին ալ կեղծը չկար: Հիմա ուրեմն «լոխում» շրթունքին կեղծը կայ: Մե՜ղք քնարերգակներուն… Ե՞րբ «testeur» պիտի հնարեն, որպէսզի սիրահարները զայն իրենց գրպանը դնեն եւ համբուրելէ առաջ  գիտնան, թէ «լոխում»-ը կե՞ղծ է, թէ՞ իրաւ:

ՄԱԿԱՐ, 21 սեպտեմբեր 2013, Եղիսէեան Դաշտեր, ի Գաղիա

Share this Article
CATEGORIES