«Օտարալեզու Դպրոցի Փոխարէն` Արեւմտահայ Դպրոց»

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Այսպէս խորագրուած էր Թաթուլ Յակոբեանին յօդուածը, որ համացանցով հասաւ: Վերջապէս ազգային իրաւ խորքով մտածող եւ արտայայտուող արեւելահայ հրապարակագիր մը կ՛արծարծէ արեւմտահայերէնի ուսուցման եւ պաշտպանութեան հարցը` Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ, ընտրական-մրցակցական ծիրէն դուրս գալով: Ցարդ կային նախաձեռնութիւններ (Սուրէն Դանիէլեան), որոնք կը մնան փակ շրջանակի մէջ:

Թաթուլ Յակոբեանին յօդուածը, գրական-լեզուական սահմաններէն դուրս գալով, ազգային-հեռանկարային առաջադրանքներով կը ներկայանայ. ժառանգութեան եւ ինքնութեան պահպանութեան պայմաններու մէջ` հայրենադարձութեան եւ վերաբնակեցման: Այսինքն, վարչական-տնտեսական քաղաքականութեան կողքին, կ’ուզէ տեսնել ազգային իրաւ քաղաքականութիւնը, որ միաժամանակ կոչ մըն է` ուղղուած պետութեան, մտաւորականութեան եւ ժողովուրդին, որպէսզի մեր տարտղնումին առաջքը առնուի: Կոչ` ուղղուած մանաւանդ այն մտաւորականութեան, որ չէր վարանած ուղղագրութեան վերականգնման հարցը հետապնդողներուն համար ըսել, որ անոնք ներշնչուած էին «հայատեաց կենտրոններից»: Մինչեւ այսօր ոչ ոք ըսաւ, մտաւորականութիւն եւ պետութիւն, որ այդ խօսքը քաղաքական եւ բարոյական կոպիտ սխալ մըն էր, հակամարտութիւն սերմանող:

Յօդուածին առաջին պարբերութիւնը խտացեալ պատմութիւնն է մեր ժողովուրդին: Ան կը խօսի «երեքհազարամեայ քաղաքակրթութեան» եւ հայոց հայրենիք Արեւմտահայաստանի «կորուստ»-ին մասին: Կը շարունակէ. «Հալէպում, Պէյրութում, Գահիրէում ու բազմաթիւ այլ քաղաքներում ու գիւղերում հայրենազուրկ հայութիւնը կառուցեց դպրոցներ ու եկեղեցիներ, հրատարակեց թերթեր ու գրքեր: Եթէ 1920-ական թթ. սկզբներին խորհրդայնացուած Հայաստանում անցում կատարուեց աբեղեանական ուղղագրութեան, ապա սփիւռքում պահպանուեց մեսրոպեան ուղղագրութիւնը, իսկ հայկական դպրոցներում ուսումը շարունակուեց արեւմտահայերէնով» (ընդգծումը Յ. Պ.): Այդ աշխատանքը կատարուեցաւ առանց պետական միջոցներու նպաստին: Արեւմտահայերէնը զտուած գործածական եւ գրական լեզու էր եւ է, ի միջի այլոց «բարբառ» մը չէ, ինչպէս երբեմն կը հանդիպինք այդպէս ըսողներու: Եւ այդ լեզուն տասնամեակներ շարունակ պահուեցաւ եւ պահպանուեցաւ:

Հաստատումներ կ՛ընէ: Կ՛ըսէ.

«Յատկապէս վերջին շրջանում սփիւռքի հայկական կազմակերպութիւնները, որոնք տասնամեակներ եղել են արեւմտահայերէնի պահպանութեան ու զարգացման ջահակիրները, իրենց գրագրութիւններում եւ այլ գործառնութիւններում սկսել են անցնել երկլեզուութեանը` աւելի ու աւելի շատ հակուելով այն լեզուին, որը իրենց պետութեան մէջ համարւում է պաշտօնական: Սփիւռքում հայկական դպրոցներ յաճախող երեխաների թիւը կտրուկ անկում է ապրում»:

Այսինքն սփիւռք(ներ)ի մէջ կը զարգանայ օտարախօսութիւնը եւ օտարագրութիւնը, եւ հայրենիք-սփիւռք յարաբերութիւններուն մէջ այս տեղատուութիւնը ցարդ ոչ մէկ տեղ մտահոգութեան առարկայ չէ եղած:

Աւեր գործող այս երեւոյթը, հայ պատասխանատուներու եւ պատասխանատու կազմակերպութիւններու կողմէ, Հայաստան եւ սփիւռք(ներ), ոչ միայն պէտք է հասկնալ, ինչ որ տեղատուութիւններու արդարացում է, այլ քննադատել, անվարան ըսել, որ այդ ընթացքը «ղեկավարութիւններ»-ու կողմէ ազգային գաղափարախօսութեան զիջում է, եւ երբ նման զիջումի ուղին կը բռնեն նոյն այդ «ղեկավարութիւններ»-ը, պարզապէս կը նշանակէ, որ ձախողած են, փոխանակ առաջնորդելու` ենթարկուած են հանրային-ամբոխային կարծիք-հոգեբանութեան ճնշման: Անոնք յաճախ տուած են բացասական օրինակ` իրենց զաւակները յանձնելով օտար վարժարաններու: Նման ձախողանքով մարդիկ ինչպէ՞ս կրնան յաւակնիլ ազգ կամ համայնք առաջնորդելու դիրքերու:

Թաթուլ Յակոբեանի հայեացքը Հայաստանի մէջ հաստատուած «օտարալեզու» դպրոցներու քննադատութենէն անդին կ’անցնի: Արդարեւ, երբ կարելի է օտարալեզու դպրոցներ հաստատել, ինչո՞ւ կարելի պիտի չըլլայ ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆով ուսուցանող դպրոց եւ համալսարան հաստատել: Նման նախաձեռնութիւն հայրենադարձութեան խթան կրնայ ըլլալ` ներգաղթողները պահելով իրենց մշակութային աւազանին մէջ: Ինք ցաւով կը հաստատէ, որ զանազան տագնապներու պատճառով Հայաստան ներգաղթողները, մեծ տոկոսով, ուրիշ երկիրներ կը գաղթեն, ժամանակաւոր կերպով կը մնան Հայաստան: Կը գրէ. «Հայաստանում տեսանելի արտագաղթի կողքին կայ նաեւ ներգաղթ, ճիշդ է` շատ փոքր ծաւալներով, գուցէ` պարտադրուած ներգաղթ: Երբ տասը տարի առաջ Իրաքն ընկաւ ցնցումների, պատերազմի ու ահաբեկչութիւնների մէջ, իրաքահայութեան մի հատուած եկաւ Հայաստան: Սակայն կարճ ժամանակ անց նրանց մեծագոյն մասը հեռացաւ» (ընդգծումը Յ. Պ.):

Հարց կու տա՞նք այդ հեռացման պատճառներուն մասին:

Այս հաստատումները եւ առաջարկները օրակարգ դարձնելով` իսկական ազգային խորհրդաժողով մը թերեւս օգտակար կ’ըլլայ անմիջականէն անդին հեռանկարային վերաբերումներ ունենալու, մեր աչքերը սեւեռելով 2050-ի եւ 2100-ի վրայ: Նման նախաձեռնութիւն ո՛չ քարոզչութիւն է եւ ո՛չ ալ պերճանք, որպէսզի սփիւռք(ներ)ի հայկական հաւաքականութիւնները, որոնք Հայաստանի բնակչութենէն աւելի են, լեզուն կորսնցնելով` չանհետանան իրենց բազմագոյն շրջապատներուն մէջ:

Պէտք է մաղթել, որ Թաթուլ Յակոբեանի յօդուածը չծառայէ միայն թերթ լեցնելու անշահ դերին: Թէեւ այդ դերը յաճախ վիճակուած է այլ եւ նոյն հարցերու, գործնապաշտական համարուող վերաբերումներով ղեկավարութիւններու աւեր գործող անտարբերութեան պատճառով:

Այլ խօսքով, «ներսը» եւ «դուրսը», աթոռ-աթոռակի իրարանցումներէն, շահախնդրուածութիւններէն եւ երեւելիապաշտութիւններէն անդին, ազգային գաղափարախօսութենէ ներշնչուող քաղաքականութիւն եւ առաջնորդութիւն կը փնտռուի:

Յաջողելու համար բեմերը չգրաւող լուռ մեծամասնութեան ողջախոհութեան արթնութիւնը կը սպասուի… Եթէ այդ լուռ մեծամասնութիւնը զանազան ազդակներու բերումով վերջնականապէս չէ լռած:

4 մայիս 2013
Պարի, Իտալիա

 

 

Share this Article
CATEGORIES