«Հրանդ Տինք Թուրքիոյ Մարթին Լութըր Քինկն Է». Թաներ Աքչամ

«Հրանդ Տինքը Թուրքիոյ Մարթին Լութըր Քինկն էր` պայքարելով խտրականութեան դէմ, յանուն հաւասարութեան եւ ազգային միասնութեան», թրքական «Թարաֆ» թերթին մէջ հրապարակած յօդուածի մը մէջ գրած է յայտնի թուրք պատմաբան Թաներ Աքչամ: Ան նաեւ առաջարկած է ամէն տարուան սեպտեմբերի երկրորդ կամ երրորդ երկուշաբթին յայտարարել Հրանդ Տինքի օր, այնպէս` ինչպէս Միացեալ Նահանգներու մէջ յունուարի երրորդ երկուշաբթին Մարթին Լութըր Քինկի օրն է: Յայտնենք, թէ Տինք ծնած էր սեպտեմբեր 15-ին:

«Այժմ կ՛ապրինք բռնատիրական վարչակարգէ մը դէպի աւելի ժողովրդավար հասարակութեան անցնելու ցաւոտ շրջան մը: Կը մօտենանք տասնեակ տարիներ ձգուող թուրք-քրտական պատերազմի վերջաւորութեան: Անցեալին Թուրքիոյ խորհրդանիշները բնակչութեան միայն մէկ մասին կը պատկանէին: Այժմ այդ խորհրդանիշները չկան: Հրանդն է այս նոր ազգին խորհրդանիշը», նշած է Թաներ Աքչամ:

Խօսելով ամէն տարի Տինքի մահուան տարելիցին հաւաքուող հսկայական բազմութեան մասին` թուրք պատմաբանը աւելցուցած է, թէ նման երեւոյթ առաջինն է Թուրքիոյ պատմութեան մէջ: «Ի՞նչ է ասոր գաղտնիքը: Արդեօք անոր (Տինքի) անունը չի՞ լռեցներ անոնք, որոնք մասնատուած են, կ՛ատեն զիրար եւ յարմար պահուն կը սպասեն զիրար խեղդելու համար: Անոր անունը կը ցաւցնէ մեր սիրտը, այնպէս` ինչպէս անոր սպանութիւնը հարուածած է մեր մարդկայնութիւնը», գրած է Աքչամ` նշելով, որ կատարուածը Թուրքիոյ հանրապետական պատմութեան ամենածրագրաւորուած սպանութիւնն էր, որուն մասնակցած էին պետական բոլոր մարմինները:

«Այս հողերուն վրայ թուրք ըլլալը մասամբ կը խորհրդանշէ հայերու ոչնչացումը, որովհետեւ մեր գոյութիւնը հնարաւոր դարձաւ անոնց ոչնչացումով: Քանի Տինքը չկայ, մենք չենք կրնար մենք մեզ ճանչնալ, բայց անոր բացակայութեամբ մենք աւելիով կը միաւորուինք: Յանցագործութիւն իրականացուցած պետութեան դիմաց Հրանդ կը ներկայանայ իբրեւ անձ մը, որ ձեւաւորեց մարդկային նոր հասարակութիւն: Այս պատճառով ալ կ՛ըսե՛մ, որ Հրանդ նոր Թուրքիան միացեալ պահող շաղախն է եւ անոր խորհրդանիշը: Տարին 365 օր ունի: 364-ը թող ձեզի ըլլայ, բայց մէկ օր Հրանդին տուէք», եզրափակած է Աքչամ:

Միւս կողմէ, կիրակի գիշեր, «Լիւթֆիւ Գըրտար» համագումարի սրահին մէջ կայացաւ «Հրանդ Տինք հիմնարկ»-ի մրցանակաբաշխումի հանդէսներուն հինգերորդը: Այս մրցանակը, հինգ տարիէ ի վեր, ամէն տարի կը շնորհուի մարդասիրական հարցերու մէջ քաջարի կեցուածք ցուցաբերող հանրային գործիչներու եւ գրողներու:

Հանդիսութիւնը բացուեցաւ արուեստագէտ Օլկուն Շիմշեքի հանդիսավարութեամբ: Հայկօ Չեփքին երգով մը յատուկ փայլ տուաւ բացման հանդիսութեան: Մրցանակաբաշխումի յանձնախումբին անունով Այշէ Գատըօղլու ելոյթ ունեցաւ ու բացատրութիւններ տուաւ մրցանակաբաշխումի մանրամասնութիւններուն մասին: Ան ըսաւ, որ այս տարուան մրցանակի թեկնածուներու հասարակաց մասնայատկութիւնն է անցեալի հետ երես առ երես գալու ու հաշտութեան համար քաջարի քայլեր առնելու նախաձեռնութիւնը:

Մրցանակներ ստացան «Շաբաթօրեայ մայրեր»-ու անունով Հանըմ Թոսուն, Իքպալ Էրեն եւ Էմինէ Օճաք: Մրցանակները անոնց յանձնուեցան դատակազմի անդամներ Ռաքել Տինքի եւ Ալեքսանտր Չերքասոնի ձեռամբ: Այլ մրցանակ մը տրուեցաւ Նաթաշա Գանտիչի, որ աշխատասիրութիւններ կատարած է Պոսնիա-Սերպիա պատերազմին առնչութեամբ:

Դատակազմի անդամներն էին` Ռաքել Տինք, Իսմայիլ Պեշիքճի, Նիլիւֆեր Կիւլէ, Էթիէն Մահչուպեան, Ալեքսանտր Չերքասոն եւ Քոսթա Կաւրաս:

Տինքի Սպանութեան
Նոր Դատավարութիւնը

Անցած շաբաթավերջին Տինքի փաստաբանները բացատրութիւններ տուին սեպտեմբեր 17-ին սկսելիք Հրանդ Տինքի սպանութեան նոր դատավարութեան մասին:

Ինչպէս հաղորդած էինք, վճռաբեկ ատեանը բեկանած էր դատարանին նախկին այն որոշումը, ըստ որուն, սպանութեան ետին գաղտնի կազմակերպութիւն մը չկար:

«Հրանդ Տինքի բարեկամներ» խմբակին կողմէ Կալաթասարայի «Ճեզայիր» սրահին մէջ տեղի ունեցած հաւաքին ընթացքին ելոյթ ունենալու հրաւիրուած էին փաստաբաններ` Ֆեթհիյէ Չեթին, Հաքան Պաքըրճօղլու եւ Իսմայիլ Ճեմ Հալաւութ: Առաջին խօսք առնողը եղաւ կազմակերպիչներէն Կարօ Փայլան, որ դիտել տուաւ, թէ ինք ցարդ որեւէ արդիւնք չէ տեսած Տինքի սպանութեան հետապնդումներէն:

«Դատավարութիւնը, որ հինգ տարուան անցեալ մը ունի ներկայիս, արձակեց վճիռ մը, որ բեկանուեցաւ վճռաբեկ ատեանին կողմէ: Սեպտեմբեր 17-ին դատավարութիւնը պիտի վերսկսի Չաղլայեանի դատասրահին մէջ: Մենք ալ, որպէս Հրանդ Տինքին ընկերները, բոլորս ալ հոն պիտի ըլլանք ու պիտի սպասենք, որ ամէն մարդ ներկայ գտնուի», ըսաւ Կարօ Փայլան:

Փաստաբաններէն առաջին խօսողը եղաւ Հաքան Պաքըրճօղլու, որ տուաւ դատավարութեան անցեալի զարգացումներուն մասին բացատրութիւններ: Յիշեցնելով, որ նախապէս դատարանին կողմէ արձակուած վճիռը բեկանուեցաւ վճռաբեկին կողմէ, ան ըսաւ, թէ հիմա դարձեալ պիտի սկսի դատավարութիւնը: «Մենք պահանջեցինք, որ հանրային պաշտօնեաներու եւ «Էրկենեքոն»-ի անդամներուն դատավարութեան թղթածրարները միացուին Հրանդ Տինքի դատավարութեան», աւելցուց Պաքըրճօղլու:

Այնուհետեւ խօսեցաւ փաստաբան Ֆեթհիյէ Չեթին, որ գլխաւոր պաշտպան փաստաբաններէն մէկն է առաջին օրէն ի վեր: Ան յիշեցուց, որ ըստ դատարանին, Հրանդ Տինքի սպանութեան գլխաւոր ազդակն էր Եասին Հայալի ազգայնապաշտ ինքնութիւնն ու քաղաքական կեցուածքը: Այս պատճառով է, որ Հրանդ Տինք սպաննուեցաւ:

Ըստ անոր, Եասին Հայալ 2004-ին խմբակ մը կազմած էր, մինչ այդ Հրանդ Տինք դատապարտուած էր թրքութիւնը նախատած ըլլալու ամբաստանութեամբ: Այս պատճառով Եասին Հայալ ու ընկերները որոշած էին պատժել Հրանդ Տինքը: Հոգեւորականի մը վրայ գործուած յարձակումը եւ այլն այս խմբակին գործն էր: Բայց անոնց բուն թիրախն էր Հրանդ Տինքը: Չեթին դիտել տուաւ նաեւ, որ դատարանը բազմաթիւ կարեւոր կէտեր անտեսած էր: Ոճրագործ Օկիւն Սամասթի կարգ մը յայտարարութիւնները անոնցմէ են: Օրինակ` ան ըսած է. «Հրանդ Տինքը հայ ժողովուրդին Աթաթիւրքն է. եթէ զայն սպաննենք, ապա անիկա մեծ աղմուկ կը բարձրացնէ ու հայերը կը սկսին վախնալու եւ խոյս տալու, իսկ երկրին մէջ քաոս կը ստեղծուի»:

Ուրիշ օրինակ մըն ալ կայ, ըսաւ Չեթին: Եասին Հայալ «Ակօս» թերթի խմբագրատուն գացած ու այնտեղէն իր «երէց եղբայրներուն» հեռաձայնած է` ըսելով, որ հոն Թուրքիոյ ապահովութեան պաշտօնեայ կայ ու անոր վրայ պէտք չէ կրակել, այլ միայն` Հրանդ Տինքին վրայ: Դատարանը բնաւ նկատի չէ առած այս մանրամասնութիւնները: Նման բազմաթիւ օրինակներ եւս կան, ըսաւ Չեթին:

Ան նաեւ շեշտեց, որ դատարանը սխալած է թէ՛ գաղտնի կազմակերպութեան հարցին մէջ, թէ՛ կազմակերպութեան նպատակին մէջ եւ թէ՛ կազմակերպութեան անդամներուն ինքնութեան հարցին մէջ: «Հակառակ անոր որ այսքան աշխատեցանք, դժբախտաբար մէկ քայլ անգամ չկրցանք յառաջանալ», ըսաւ Չեթին ու եզրակացուց. «Այս դատավարութիւնը հաւանաբար քանի մը տարի պիտի շարունակուի. դատը ձգձգելով` մէջտեղէն վերցնելու ջանք մը կայ»:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )