ԱՐԺԱՆԹԻՆԻ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ. ՎԵԼԵՍ ՍԱՐՍՖԻԼՏ ՀԱՆԴԻՍԱՑԱՒ ԱԽՈՅԵԱՆ
Արժանթինի ֆութպոլի ախոյեանութեան 18-րդ հանգրուանի մրցումներուն, պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Վելես Սարսֆիլտ 2-0 արդիւնքով յաղթական վերադառնալէ ետք Հուրաքանի դաշտէն, հանդիսացաւ երկրի ախոյեան` ութերորդ անգամ ըլլալով:
2-րդ դիրքին վրայ գտնուող Լանիւս տիտղոսին տիրանալու իր յոյսերը կորսնցուց, երբ իր դաշտին վրայ 1-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Արխենթինոս Ժունիորզէն (3-րդ): Անոր կրած այդ պարտութիւնը պատճառ դարձաւ, որ աւարտէն մէկ հանգրուան առաջ, Սարսֆիլտ չորս կէտով գերազանցէ իր անմիջական մրցակիցը` Լանիւսը:
Այլ անուանի ակումբներ, որոնց կարգին` Պոքա Ժունիորզ, Ինտիփենտիենթէ եւ Ռիվըր Փլէյթ, որոնք յաջորդաբար կը գրաւեն 6-րդ, 7-րդ եւ 8-րդ դիրքերը, բաւական հեռու մնացին Սարսֆիլտէն:
Դասաւորումը այժմ կը ներկայացնէ հետեւեալ պատկերը.
———————————ԿԷՏ
1.- Վելես Սարսֆիլտ 36 (34-16)
2.- Լանիւս 32 (27-15)
3.- Արխենթինոս Ժունիորզ 29 (15-10)
…………………………………………..
6.- Պոքա Ժունիորզ 27 (22-20)
7.- Ինտիփենտիենթէ 26 (25-19)
8.- Ռիվըր Փլէյթ 26 (14-13)
…………………………………………..
19.- Հուրաքան 14 (17-37)
20.- Նիւըլզ Օլտ Պոյզ 12 (15-32)