ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ.- ՏԱԼԱՍ ՄԱՎԸՐԻՔՍ ԱԽՈՅԵԱՆ` ԱՌԱՋԻՆ ԱՆԳԱՄ ԸԼԼԱԼՈՎ
Էն. Պի. Էյ.ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի վեցերորդ մրցումին, Տալաս Մավըրիքս 105-95 արդիւնքով պարտութեան մատնելէ ետք Մայեմի Հիթը եւ 4-2 արդիւնքով գերազանցելէ ետք զայն, հանդիսացաւ Էն. Պի. Էյ.ի ախոյեան` առաջին անգամ ըլլալով:
Թէեւ Մավըրիքս 2006-ին հասած էր աւարտական հանգրուան, սակայն պարտուած էր նոյնինքն Հիթէն:
Ախոյեան կազմին մարզիկներէն գերմանացի Տըրք Նովիթցքի, որ իւրաքանչիւր մրցումի ընթացքին միջին հաշուով նշանակեց 26 կէտ, այս հանգրուանին (աւարտական) տիրացաւ լաւագոյն մարզիկի տիտղոսին:
Երէկուան մրցումին ան բաւականացաւ 21 կէտով: Նոյնքան կէտ նշանակեց նաեւ Հիթի մարզիկ Լեպրըն Ճէյմս:
Ճէյսըն Թերի (Մավըրիքս) նշանակեց 27 կէտ:
CATEGORIES Մարզական