ՍԹԻՒ ՄԱՔԼԱՐԸՆ ՆՇԱՆԱԿՈՒԵՑԱՒ ՆՈԹԻՆԿՀԱՄ ՖՈՐԵՍԹԻ ՄԱՐԶԻՉ

Սթիւ Մաքլարըն

Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին մարզիչ Սթիւ Մաքլարըն երէկ նշանակուեցաւ Նոթինկհամ Ֆորեսթի մարզիչ` երեք տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրելով Ա. դասակարգին մաս կազմող խումբին հետ, որ նախորդ տարեշրջանի փլէյ-օֆի մրցումներուն (կիսաւարտական) պարտուելով չյաջողեցաւ բարձրանալ բարձրագոյն դասակարգ:

50 տարեկան Մաքլարըն 2007-ին հեռացաւ երկրէն, երբ կորսնցուց Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչի պաշտօնը: Ան ստանձնելով Թվենթէի մարզիչի պաշտօնը իր կազմին հետ 2010-ին հանդիսացաւ Հոլանտայի ախոյեան:

Դարձեալ 2010-ին, ան թէեւ Պունտըսլիկայի կազմերէն Վոլֆսպուրկի մարզիչը եղաւ, սակայն այս տարուայ փետրուարին պաշտօնազրկուեցաւ:

Նշենք, որ Ֆորեսթի մարզիչ Պիլի Տէյվիս նախանցեալ օր պաշտօնանկ եղաւ:

Share this Article
CATEGORIES