«Եւրասիական Միութիւնը Անցողիկ Երեւոյթ Է» Կ՛ըսէ Իվանիշվիլի

«Կրուզիա օնլայն» կը հաղորդէ, որ Վրաստանի վարչապետ Պիձինա Իվանիշվիլի Էսթոնիա կատարած այցելութեան ընթացքին «Իսթի Փաէվալեհթ» օրաթերթին տուած հարցազրոյցին ընթացքին խօսած է Վրաստան-Ռուսիա յարաբերութիւններուն, Վրաստանի` Եւրոպական Միութեան անդամ դառնալու ձգտումին, «առաջարկուող» այլընտրանքին` Եւրասիական միութեան մասին: Ան նշած է, որ վերջինս ժամանակաւոր երեւոյթ է, եւ ուշ կամ կանուխ բոլոր երկիրները, ներառեալ Հայաստանն ու Ռուսիան, պիտի դիմեն Եւրոպական Միութեան` անոր անդամ դառնալու համար:

«Ռուսիան ներկայիս կը ստիպէ որոշ երկիրներ, ներառեալ Ուքրանիան, Վրաստանը եւ Մոլտավիան` Եւրասիական միութեան եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ ընտրանք կատարելու: Ռուսիոյ այդ դիրքորոշումը հաճելի չէ», ըսած է Իվանիշվիլի:

«Երբ մեզի այդպիսի այլընտրանք կ՛առաջարկեն, կը նշանակէ, թէ պէտք է նախապատուութիւն տալ ստեղծուելիք միութեան մը. ասիկա կը հակասէ եւրոպական արժէքներուն եւ կը վատթարացնէ դրութիւնը, ուրեմն ատիկա լաւ չէ», ըսած է Վրաստանի վարչապետը` աւելցնելով, որ` «վրացական ռազմավարութիւնը ո՛չ ես, եւ ոչ ալ նախորդ կառավարութիւնը որդեգրած է. ատոր հիմքը մեր ժողովուրդի ցանկութիւնն է` եւրոատլանտեան տարածաշրջանին համարկուելու: Վրաստանը քուէարկած է ՕԹԱՆ-ին միանալու համար: Ես նոյնիսկ միտք չունիմ փոխելու այդ ուղղութիւնը, որովհետեւ գիտեմ, որ ժողովուրդը ճիշդ որոշումը կայացուցած է, եւ մենք իրաւունք չունինք զայն փոխելու»:

«Ինչ կը վերաբերի Եւրասիական միութեան, որ կը ստեղծուի, կարծես թէ, ի հակակշիռ Եւրոպական Միութեան, ապա անկեղծօրէն ես այդպէս չեմ կարծեր: Ես նոյնիսկ չեմ ուզեր մտածել, թէ կը ստեղծեն հակակշիռ մը այն պարագային, երբ Եւրոպան բոլորին համար յստակ է եւ շատ արդիւնաւէտ: Այդ իսկ պատճառով ես կը կարծեմ, թէ Եւրասիական միութիւնը ժամանակաւոր է, անիկա տակաւին նոյնիսկ չէ ստեղծուած եւ լիարժէք իմաստ չէ ստացած: Եւ շատ վատ է, որ Եւրասիական միութիւնը կը ներկայացնեն իբրեւ Եւրոպական Միութեան հակակշիռ», ընդգծած է Իվանիշվիլին:

«Ես չեմ կարծեր, թէ Հայաստանը եւ նոյնիսկ Ռուսիան, որոնք այժմ Եւրասիական միութեան ստեղծման համաձայն են, ունին այլ ելք, բացի ի վերջոյ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան դիմելէ: Ոչ ոք Եւրոպական Միութենէն աւելի յաջող բան մտածած է, իսկ եւրոպական արժէքները ամէնէն լաւագոյներն են: Այնպէս որ ես կը կարծեմ, թէ Եւրոպական Միութեան տարածքին մօտ եղող բոլոր երկիրները ուշ կամ կանուխ պիտի դառնան Եւրոպական Միութեան անդամ», ըսած է Վրաստանի վարչապետը:

Այս ենթահողին վրայ Իվանիշվիլի ըսած է, որ Վրաստանը կը ձգտի կարելի եղածին չափ շուտ Եւրոպական Միութեան անդամ դառնալ. «Մեր նախարարները եւ պաշտօնատարները հրաժարած են ամէն տեսակ ձեւականութիւններէն` եւրոպական չափանիշներու համապատասխան հիմնարկներու ձեւաւորման իմաստով: Նոյեմբերին Արեւելեան գործընկերութեան ծիրին մէջ Վիլնիւսի մէջ կայանալիք բարձր մակարդակի հանդիպումին մենք կը նախատեսենք վերաձեւակերպել Եւրոպական Միութեան հետ ազատ առեւտուրի եւ ընկերակցութեան վերաբերող համաձայնագիրը, նաեւ յոյս ունինք գարնան արդէն ստորագրել զայն»:

Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւններու մասին Իվանիշվիլին ըսած է, որ իշխանութեան գալէ ետք ինք փոխած է երկրին հռետորաբանութիւնը եւ սկսած է Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման կարեւորութեան մասին արտայայտուիլ: Ըստ Վրաստանի վարչապետին, արդէն յաջողութիւններ կան. վերահաստատուած են առեւտրական յարաբերութիւնները, կը խորանան մշակութային եւ մարդասիրական կապերը:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )