Էմիրաթական «Թաքա»-ն Արտօնութիւն Ստացաւ Քրտական Ինքնավար Մարզին Մէջ Քարիւղի Հանք Մը Արդիականացնելու
Ապու Տապիի ուժանիւթի պետական «Թաքա» ընկերութիւնը երէկ յայտարարեց, որ Հիւսիսային Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզի կառավարութենէն արտօնութիւն ստացած է Աթրուշի քարիւղահանքը արդիականացնելու:
Կը նախատեսուի, որ նշեալ վայրը օրական 30 հազար տակառ քարիւղ արտադրէ 2015-ի սկիզբէն սկսեալ:
Յիշեցնենք, որ «Թաքա»-ն օգոստոսի վերջաւորութեան Թուրքիոյ մէջ ածուխով բանող ելեկտրակայաններու շինութիւնը յետաձգած էր 2014-ին` նիւթականի առնչուող այլ առաջնահերթութիւններու առկայութեան պատճառով:
Թուրքիոյ ելեկտրականութեան արտադրման պետական ընկերութիւնն ու «Թաքա» ընկերութիւնը յունուարին կնքած էին 12 միլիառ տոլար արժողութեամբ համաձայնութիւն մը` կառուցելու համար ելեկտրակայաններ, որոնք Թուրքիոյ Աւշին-Պոսթան շրջանին մէջ գոյութիւն ունեցող հանքածուխներու պահեստները պիտի օգտագործեն` ելեկտրականութիւն արտադրելու համար:
«Թաքա»-ի որոշումէն ետք, Թուրքիա այդ ծրագիրին շուրջ սկսած էր բանակցիլ Սէուլի հետ:

