«Ռոսփոթրեպնատզոր»-ը Դադրեցուցած Է Լիթուանիայէն Ռուսիա Կաթնամթերքի Ներածումը

«Լենթա.ռու» կայքէջը կը գրէ, որ Ռուսիոյ սպառողներու իրաւունքներու պաշտպանութեան ոլորտին մէջ հսկողութիւն կատարող «Ռոսփոթրեպնատզոր» դաշնակցային ծառայութիւնը 7 հոկտեմբերէն սկսեալ դադրեցուցած է Լիթուանիայէն կաթնամթերքի Ռուսիա ներածումը` անոր որակի վերաբերող խնդիրներու պատճառով:

Ըստ «Ռոսփոթրեպնատզոր»-ի ղեկավար Կենատի Օնիշչենքոյի, լիթուանացի արտադրողներուն կողմէ արտադրանքին վերաբերող պահանջներուն  համապատասխանութեան մասին բնակչութիւնը տեղեակ պահելու գծով խախտումներ արձանագրուած են: Բացի ատկէ, ըստ անոր, լիթուանական կաթնամթերքին մէջ չափանիշները զգալի կերպով գերազանցող թթխմոր եւ բորբոս յայտնաբերուած է:

Այս յայտարարութիւնները կատարուած են Ռուսիոյ եւ Լիթուանիոյ միջեւ մաքսային տագնապի ենթահողին վրայ: Լիթուանիան իր դժգոհութիւնը յայտնած էր ռուսական սահմանին վրայ կատարուող մանրամասն ստուգումներուն նկատմամբ եւ ստեղծուած իրավիճակի համար բողոքած Եւրոպական յանձնաժողովին:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )