Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ, շէյխ Ապտել Ամիր Քապալան կոչ ուղղեց` ամրապնդելու լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը եւ ճիգ չխնայելու` լիբանանցիները ամէն տեսակ վտանգէ փրկելու:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ շեշտեց, որ Լիբանան պիտի չկարենայ հանդուրժել նախագահական ընտրութիւններուն յետաձգումը եւ ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ` ընտրական օրէնք մը մշակելու համար:
ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը երէկ կէսօրէ ետք Պընթ Ժպէյլի, Մերժահիունի, Իքլիմ Թուֆֆահի եւ Թըպնինի վերեւ ցած մակարդակի թռիչքներ եւ կեղծ յարձակումներ գործեց:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Նետիմ Ժեմայէլ երէկ այցելեց մարոնի համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Պուլոս Մաթար եպիսկոպոսին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք ան յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութիւնը անհրաժեշտութիւն մը դարձած է` յաջորդ նախագահական ընտրութիւնները ճշգրիտ թուականին կատարելու իմաստով:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Պութրոս Հարպ յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման եւ վարչապետ Թամմամ Սալամ համախոհութիւն ներշնչող կառավարութիւն մը կազմելու ճիգին մէջ են:
ԵՐԷԿ կէսօրին կարգ մը երիտասարդներ հրկիզուող անիւներով փակեցին Հարաւային արուարձաններու Քուտսի հրապարակին կից գտնուող ճամբան` ապահովական ուժերուն կողմէ որդեգրուած ապահովական քայլերուն դէմ իբրեւ բողոք:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Անուար Խալիլ կոչ ուղղեց` կազմելու ազգային միասնականութեան կառավարութիւն մը:
«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի աղբիւրներէն, յայտնեց, որ Միքաթի Լիբանանի յատուկ միջազգային դատական ատեանը ֆինանսաւորելու մտադրութիւն չունի:
ՎԱՐՉԱՊԵՏ Թամմամ Սալամ յայտնեց, որ Մարտ 14-ի եւ Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերը իրեն հետ գործակցելու միտում չունին:
ՊԱՊ Թըպպանէի եւ Ժապալ Մըհսենի միջեւ երէկ դարձեալ արձանագրուեցան զինեալ բախումներ: Մէկ ժամ տեւած բախումները պատճառեցին նիւթական վնասներ:
ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Օքազ» օրաթերթին համաձայն, Ծոցի երկիրներուն պարտադրած ճնշումներուն պատճառով Հըզպալլա իր զինեալներուն մէկ մասը Սուրիայէն հեռացուցած է:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարեկարգում երեսփոխանական պլոքի անդամ Հանի Քպայսի յայտնեց, որ Սուրիա յաղթական դուրս պիտի գայ իրեն դէմ նիւթուած դաւադրութենէն:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար կոչ ուղղեց` կազմելու այնպիսի կառավարութիւն մը, որ կրնայ ապահովել պետութեան գոյութիւնը: Ան աւելցուց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի միջեւ երկրորդ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին:
ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Նիքոլա Նահհաս շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ սուրիացի գաղթականներու գոյութիւնը անգործութեան համեմատութիւնը կը բարձրացնէ:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ուալիտ Խուրի շեշտեց, որ ինք այս հանգրուանին կառավարութիւն մը կազմելու կարելիութիւն չի տեսներ:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլի կը միտի արաբական երկիրներու շրջապտոյտ մը կատարել, որպէսզի զանոնք մղէ Լիբանանին օժանդակելու:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Թոմ Ֆլեչըր կը յայտնէ, թէ Լիբանանի մէջ կառավարութեան կազմութեան ձախողութիւնը յուսալքող է:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի եւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին ի պատիւ երեսփոխան Հատի Հպէյշի սարքած ընթրիքին ընթացքին, Ռայի պատրիարքը անհրաժեշտ նկատած է կառավարութեան կազմութիւնը:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ շեշտեց, որ իրենք մաս պիտի չկազմեն այնպիսի կառավարութեան մը, որ կը հովանաւորէ սուրիացի եւ լիբանանցի քաղաքացիներուն դէմ Հըզպալլայի զէնքին գործածութիւնը:

