Ռաատ. «Առանց Բանակ, Ժողովուրդ, Դիմադրութիւն Տարազին, Կարելի Չէ Կառավարութիւն Կազմել»
Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ երէկ յայտնեց, որ առանց բանակ, ժողովուրդ, Դիամադրութիւն տարազին կարելի չէ կառավարութիւն մը կազմել: Ան հաստատեց, որ առանց այդ երրորդութեան կառավարութիւն մը կազմելու պարագային Լիբանան եւ լիբանանեան ազգային միասնականութիւն չկայ:
Ռաատ հաստատեց, որ հարկ է կազմել համախոհութիւն առթող կառավարութիւն մը, որուն մէջ քաղաքական ուժերը կը ներկայացուին` խորհրդարանին մէջ իրենց ներկայացուցած կշիռին համաձայն:
CATEGORIES Լիբանանեան