ՓԻՆԿ ՓՈՆԿ. ՌՈՔ ՀԱՔԻՄ ՊԱՏՈՒԵՑ ԱՏԵԼ ՀԱՔԻՄԻ ԱՆՈՒԱՆ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՄՐՑԱՇԱՐՔԻՆ ՄԱՍՆԱԿՑԱԾ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Ռոք Հաքիմ (ձախին) եւ Սելիմ Հաժ Նքուլա PROFOTO

Ինչպէս ծանօթ է, նախորդ շաբաթավերջին աւարտեցաւ Ատել Հաքիմի անուան փինկ փոնկի վեթերաններու միջազգային մրցաշարքը, որ տեղի ունեցաւ Մոն լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ)` հովանաւորութեամբ Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնին:

Այս առիթով Ռոք Հաքիմ ընթրիքի յատուկ երեկոյով մը պատուեց իր հօր անուան տեղի ունեցած միջազգային այս մրցաշարքին մասնակցած պատուիրակութիւնները:

Այս առիթով ան փափաք յայտնեց, որ այս մրցաշարքը տեղի ունենայ տարեկան դրութեամբ, մանաւանդ որ անիկա առաջին տարին ըլլալով յաջողութիւն գտաւ:

Աւարտին ան յատուկ յուշանուէրներ յանձնեց մասնակցող պատուիրակութիւններուն եւ Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնի նախագահ Սելիմ Հաժ Նիքոլայի:

Share this Article
CATEGORIES