«Պլումպըրկ» Աղէտ Կը Նախատեսէ. Միացեալ Նահանգներու Պարտքը Վճարելու Անկարողութեան Պարագային
«Պլումպըրկ» կը հաղորդէ, որ եթէ Միացեալ Նահանգներ հրաժարի արտաքին պարտքը վճարելէ, ասիկա Պրազիլէն մինչեւ Ցիւրիխ ելեւմտական շուկաներուն մէջ աւերիչ հետեւանքներ պիտի ունենայ, պիտի կասեցնէ հինգ եռիլիոն տոլար արժողութեամբ վարկային մեքանիզմը, որ կախեալ է Ամերիկայի պետական պարտատոմսերէն, պիտի տապալէ տոլարը, եւ ամբողջ աշխարհը պիտի մղէ տնտեսական տագնապալի ընկճուածութեան:
«Պլումպըրկ» կը նշէ, որ Միացեալ Նահանգներու պարտքերը վճարելու անկարողութիւնը պատճառ պիտի դառնայ ամբողջ աշխարհի տարածքին սնանկութիւններու շարքի մը:
Միացեալ Նահանգներու սահմաններէն դուրս ամերիկեան կառավարութեան պարտատոմսերու գիներու անկումը մեծագոյն վնասը պիտի հասցնէ Չինաստանին եւ Ճափոնին, որոնք իրենց հաշուեկշիռներուն մէջ կը պահեն, համապատասխանաբար 1.3 եռիլիոն տոլար եւ 1.1 եռիլիոն տոլար արժողութեամբ ամերիկեան պարտքային արժեթղթեր:
Նախապէս Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարարութիւնը նախազգուշացուցած էր, որ մինչեւ 17 հոկտեմբեր հաշուեկշիռի վրայ պիտի մնայ երեսուն միլիառ տոլար, մինչ օրական ծախսերը 60 միլիառ տոլար կը կազմեն:

