Պոլսոյ Մէջ Ցուցարարներուն Օգնած Պանդոկը Միջազգային Հեղինակաւոր Մրցանակի Արժանացած Է
Թուրքիոյ յունիսեան ցոյցերու խորհրդանիշներէն մէկը` Պոլսոյ «Տիւան» պանդոկը, միջազգային հեղինակաւոր մրցանակի արժանացած է` «Հիւրասիրութեան եւ նորարարութեան համար» անունով:
«ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ» կը հաղորդէ, որ պանդոկին ղեկավարութեան այդ մրցանակը պիտի շնորհուի հոկտեմբերի 9-ին, Միւնիխի մէջ, «Փի.Քէյ.ԷՖ հոթելէսփըրթց» միջազգային խորհրդատուական հեղինակաւոր կազմակերպութեան կողմէ:
Թրքական ոստիկանութեան եւ ընդդիմադիրներուն միջեւ բուռն բախումներու ընթացքին պանդոկը ուշադրութիւն գրաւած էր այն իրողութեամբ, որ` ի տարբերութիւն այլ պանդոկներու, ցուցարարներուն առջեւ իր դռները չէր փակած:
«Տիւան» պանդոկը կը գտնուի Կեզի հանրապարտէզին անմիջական դրացնութեամբ: Պանդոկին նախասրահը դարձած էր դաշտային հիւանդանոց, ուր հանգստացած կամ պահուըտած էին ցուցարարները: Պանդոկի պատասխանատուները զանոնք կերակրած են, թոյլ տուած գործածել լուացարանները նաեւ քանի մը հեռաձայններ յատկացուած են ցուցարարներուն: Ճիշդ այդ համարձակ քայլի համար ալ պանդոկը պարգեւատրուած է:
«Կոչ» ընկերութեան սեփականատէր Ալի Կոչ, որուն կը պատկանի պանդոկներու ցանց մը` Թուրքիոյ եւ արտերկրի մէջ, յունիսեան անկարգութիւններու ժամանակ յայտնած էր, որ գործէ պիտի արձակէ իր պանդոկներու անձնակազմը, եթէ աշխատակիցները համարձակին դռները փակել ցուցարարներուն դիմաց:

