Ուաշինկթըն Ազրպէյճանի Կոչ Կ’ուղղէ` Ազատ, Արդար Ու Թափանցիկ Ընտրական Գործընթաց Ապահովելու
ԱՓԱ կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներ Ազրպէյճանին կոչ կ’ուղղէ` ազատ, արդար ու թափանցիկ ընտրական գործընթաց ապահովելու:
«Միացեալ Նահանգներ կ’աջակցին ընտրական գործընթացին բոլոր քաղաքացիներուն խաղաղ մասնակցութեան, ինչպես նաեւ խստօրէն կոչ կ’ուղղէ բոլորին` պահպանելու զսպուածութիւնը եւ թոյլ չտալու, որ բռնութիւններ ու սադրանքներ արձանագրուին ընտրութիւններուն եւ անոնց յաջորդող օրերուն», Ուաշինկթընի մէջ յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարի Հարֆը` անդրադառնալով Ազրպէյճանի մէջ այսօր կայանալիք նախագահական ընտրութիւններուն:
Ան նաեւ նշած է, թէ Միացեալ Նահանգներ կոչ կ’ուղղեն երկրի իշխանութիւններուն` պաշտպանելու հիմնարար ազատութիւնները` կարծիք արտայայտելու, հաւաքներ ու համախմբումներ կատարելու:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք Ազրպէյճանի իշխանութիւնները կ’ապահովե՞ն այդ ազատութիւններու պահպանումը` Հարֆը յայտարարած է, որ այդ հարցը արտայայտուած է քանի մը զեկուցումներու մէջ. «Անոնցմէ մէկը վերջերս հրապարակուած ԵԱՀԿ-ի զեկուցումն էր, ուր անդրադարձ կը կատարուի ընտրութիւններու ընթացքին մարդու իրաւունքներուն մասին: Կը կարծեմ` այդ զեկուցումը առարկայական կերպով կ’արտայայտէ ընտրական արշաւին թէ՛ դրական, թէ՛ բացասական կողմերը: Այնպէս որ մենք կը շարունակենք կոչ ուղղել Ազրպէյճանի պաշտօնեաներուն` ապահովելու կարծիքներու արտայայտութիւնը եւ հաւաքներու ազատութիւնը»:

