«Ասատ Ահաբեկիչ Է, Ոչ Թէ` Քաղաքական Գործիչ» Կ’ըսէ Էրտողան

«Արապիյա» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին «110 հազար հայրենակից սպաննած» Սուրիոյ նախագահ Պաշար Ասատը «ահաբեկիչ» անուանած է:

«Ասատը ահաբեկիչ մըն է, որ յանցանքներ կը գործէ պետական մակարդակով: Ես այլեւս զինք իբրեւ քաղաքական գործիչ չեմ ընկալեր: Իր ժողովուրդը սպաննող մարդ, ահաբեկիչ է», ըսած է թրքական պետութեան վարչապետը:

«Արապիյա»-ն կ’ենթադրէ, որ Էրտողանի մեղադրանքները հնչած են ի պատասխան օրեր առաջ Ասատի` թրքական կողմին ուղղած նախազգուշացման:

Գերմանական «Տեր Շփիկըլ» պարբերաթերթին հետ իր հարցազրոյցին ընթացքին Ասատ նախ Էրտողանը «ստախօս» անուանած էր, ապա Թուրքիան նախազգուշացուցած, որ շատ սուղ գին պիտի վճարէ իր վարչակարգի տապալման ձգտող ընդդիմադիր վարձկաններուն աջակցելուն համար:

Share this Article
CATEGORIES