Մաթար Եպիսկոպոսը Ընդունեց Խազենը
Մարոնի համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Պուլոս Մաթար եպիսկոպոսը երէկ ընդունեց Մարոնի համայնքի ընդհանուր խորհուրդի մէկ պատուիրակութիւնը, զոր գլխաւորեց խորհուրդի նախագահ, նախկին նախարար Ուատիհ Խազեն:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, ընդգծելով լիբանանեան ներքին անդամալոյծ իրավիճակին վերջ տալու անհրաժեշտութիւնը:
Մաթար եպիսկոպոսն ու Մարոնի համայնքի ընդհանուր խորհուրդը հաստատեցին կառավարութեան կազմութեան ջանքերը աշխուժացնելու կարեւորութիւնը:
Մաթար եպիսկոպոսը կոչ ուղղեց լիբանանցի բոլոր պետերուն` ստանձնելու իրենց պատասխանատուութիւնները եւ անսալու հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի կոչերուն, ինչպէս նաեւ ընդառաջելու խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի նախաձեռնութեան` Լիբանանը դուրս բերելու համար իր դիմագրաւած քաղաքական եւ տնտեսական տագնապներէն:

