Շարպել. «Տակաւին Կանուխ Է Թրիփոլիի Մէջ Գործադրուող Ապահովական Ծրագիրին Գնահատականը Տալու»
Ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Շարպել երէկ յայտնեց, որ տակաւին կանուխ է Թրիփոլիի մէջ գործադրուող ապահովական ծրագիրին գնահատականը տալու:
Շարպել ընդգծեց, որ ներքին ապահովութեան ուժերը կազմ ու պատրաստ պիտի մնան` երկրին ներքին ապահովական կայունութեան հսկելու իրենց առաքելութեան մէջ, «իսկ բանակը, իր բոլոր կարողութիւններով անոնց նեցուկ պիտի կանգնի», ըսաւ ան:
Շարպել շեշտեց, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ կը դնեն, որպէսզի ապահովական ծրագիրը գործադրուի ամբողջ Թրիփոլիի մէջ եւ չսահմանափակուի միայն անոր մուտքերուն զետեղուած անցարգելներով:
ՄԻՒՍ կողմէ, ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութիւնը երէկ ձերբակալեց երեք յանցագործներ, որոնք լիբանանեան եւ սուրիական ինքնութիւն կը կրեն: Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութեան համաձայն, յանցագործները մաս կը կազմէին ահաբեկչական ցանցի մը, որ կը միտէր ականներ զետեղել եւ սպանութիւններ գործել:

