Իսրայէլացի Նախարարի Մը Համաձայն . Հըզպալլա 200 Հազար Հրթիռ Ունի
Իսրայէլի ներքին ճակատի պաշտպանութեան նախարար Կիլատ Արտան յայտնեց, որ շրջանին մէջ պատերազմ մը բռնկելու պարագային, Իսրայէլ օրական դրութեամբ հազարաւոր հրթիռներու թիրախ կրնայ դառնալ:
Արտան շեշտեց, որ Հըզպալլա իր տրամադրութեան տակ ունի երկու հարիւր հազար հրթիռ եւ կրնայ Իսրայէլի մէջ գտնուող իւրաքանչիւր բնակարան թիրախ դարձնել:
CATEGORIES Լիբանանեան

